ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Կարգ մը յարաբերութիւններ պիտի ծաղկին: Անձնական ձեր խնդիրները մի՛ խառնէք աշխատանքին մէջ: Երկրորդական գործերով մի՛ սպառէք ձեր ժամանակը: Առողջական հարցերով պիտի զբաղիք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Տեղի ունեցած փոփոխութիւնները պիտի զայրացնեն ու նեղացնեն ձեզ: Դժուարութիւններու դիմաց կը գտնուիք: Ամսուան քիչ բախտաւոր օրերէն մէկն է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Անմիջապէս ձեր հարցերը լուծեցէք եւ մթնոլորտը ջերմացուցէք: Վիճակը մի՛ բարդացնէք: Յարմար ժամանակ է ձեր ընտանիքին կարծիքը առնելու: Հոգ տարէք ձեր առողջութեան:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր ճամբորդութիւնները յաճախակի պիտի դառնան: Յարմար ժամանակ է` պտոյտ մը կազմակերպելու կամ համագումարի մը մասնակցելու: Պիտի յաջողիք նամակ մը հասցնել անձի մը:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ձեր ներկայութիւնը փաստեցէք: Կրնաք յաջողութիւն արձանագրել տոկուն եւ հաստատ քայլերով: Մի՛ հեռանաք ձեր պարտաւորութիւններէն:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Համարձակութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ քննարկումներու պիտի մասնակցիք: Պաշտպանեցէք ձեր կեցուածքը եւ դատը` հեռու մնալով ցաւցնող խօսքերէն:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Հեռու մնացէք վիճաբանութենէ եւ ընդդիմադիր կեցուածքներէ: Անձի մը առած քայլը պիտի նեղացնէ ձեզ: Վերադասաւորեցէք ձեր աշխատանքները:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ: Յարմար ժամանակ է ներդրումներ կատարելու: Պիտի ուրախանաք յաջողութեամբ կամ ուրախ լուրով: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Կանուխ գացէք աշխատանքի եւ երկրորդական հարցերով մի՛ զբաղիք: Նոր գործեր պիտի ծագին ձեր առջեւ, բայց ձեր սուղ ժամանակը մի՛ կորսնցնէք: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Մի՛ հակառակիք ձեր ընկերոջ կամ բարեկամին: Տեղի ունեցած փոփոխութիւնները պիտի անհանգստացնեն ձեզ: Անակնկալ պարտականութիւն մը պիտի ունենաք: Ժխտական տպաւորութիւն մի՛ ձգէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Այս օրերուն մթնոլորտը դրական է ձեզի համար: Ձեր գործը դրական արձագանգ պիտի ձգէ: Առանց ծուլանալու` կատարեցէք ձեր աշխատանքները:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Պիտի վերագտնէք ձեր աշխուժութիւնը եւ անցնիք ծրագիրի մը գործադրութեան: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք: Ամսուան հանգիստ օրերէն մէկն է:
