Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Էտտէ Պաթրուն
Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 10 մարտին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք, երբ ճակատի «Էյ. Եու. Էս. Թի.»-ին դէմ Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:00-ին:
Անիկա կարեւոր պիտի ըլլայ այն իմաստով, որ ՀՄԸՄ իր ամէն կարելին պիտի ընէ յաղթանակ արձանագրելու եւ անկէ խլելու երկրորդ դիրքը:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:
Ինչ կը վերաբերի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան, շաբաթավերջին կ՛աւարտին Ա. հանգրուանի մրցումները, որոնցմէ ետք կը սկսին ֆայնըլ-սիքսի մրցումները:
ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը իր մրցումը պիտի կատարէ վաղը` կիրակի, 11 մարտին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, երբ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) պիտի մրցի Էտտէ Պաթրունի դէմ:
Այս մրցումին եւս ՀՄԸՄ-ի համակիրները պէտք է ուղղուին դաշտ եւ քաջալերեն իրենց կազմը:


