Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 11 մարտին, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը շատ կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք Ֆիտաա Սայտայի դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմայի դէմ:
Անիկա կարեւոր պիտի ըլլայ այն իմաստով, որ յաղթանակ մը արձանագրելու պարագային, ՀՄԸՄ պիտի հանդիսանայ Գ. դասակարգի ախոյեան եւ նոյն վայրին մէջ ստանայ ախոյանութեան իր տիտղոսը` վերադառնալու համար Բ. դասակարգ:
Վաղուան այս մրցումին մեր բոլորին ժամադրավայրը պիտի ըլլայ Քֆարշիմայի դաշտը` քաջալերելու համար ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջիկները, որոնք եթէ լաւապէս գործադրեն իրենց մարզիչին` Մհեր Ծատուրեանին ցուցմունքները, շատ դիւրութեամբ կրնան յաղթել իրենց մրցակիցին:
Յաջողութիւն կը մաղթենք ՀՄԸՄ-ի աղջկանց խումբին:


