Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիորն Եակլընտ շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արմէն Սարգսեանին` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ ընտրուելուն առիթով:
Ուղերձին մէջ նշուած է, թէ Արմէն Սարգսեանի ընտրութեամբ կը նշանաւորուի հսկայածաւալ սահմանադրական բարեփոխումներու աւարտը, որ իշխանութիւնները իրականացուցած են Եւրոպական խորհուրդին հետ սերտ խորհրդակցութեամբ եւ համագործակցութեամբ: «Պետութեան համար այս պատմական ժամանակաշրջանին, յատկապէս խորհրդարանական հանրապետութեան անցման շրջանին, կ’ուզեմ վստահեցնել ձեզի, որ ձեր երկրի կառոյցներուն նկատմամբ Եւրոպական խորհուրդը մնայուն աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ: Կը մաղթեմ ձեզի յաջողութիւն` ձեր նոր գործառոյթներու իրականացման մէջ», յայտնած է Թորպիորն Եակլընտ:
Արմէն Սարգսեանը շնորհաւորած է նաեւ Բրիտանիոյ խորհրդարանի Համայնքներու պալատի անդամ, Հայաստանի հետ բարեկամութեան խորհրդարանական խումբի նախագահ Ստեֆան Փաունտը, պարոնուհի Քարոլայն Քոքսը, Համաշխարհային առաջնորդութեան հիմնադրամի (Կլոպըլ Լիտըրշիփ Ֆաունտէյշըն) նախագահ Ֆրետրիք Վիլլըմ տէ Քլերքը:



