Կազմակերպութեամբ Հուփս ակումբին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ գործակցութեամբ Սփորթ Մանիա ընկերութեան, առաջին անգամն ըլլալով տեղի պիտի ունենայ Անթուան Շարթիէի յիշատակին նուիրուած պասքեթպոլի տարիքային մրցաշարք մը «Միշել Մըր»-ի անուան համալիրին (Պաուշրիէ) եւ Հուփսի 2 ակումբներուն մէջ (Հազմիէ եւ օդակայանին ճամբան):
Իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն շուրջ 800 մարզիկներ, որոնք պիտի մասնակցին հետեւեալ դասակարգի մրցումներուն.
16 տարեկանէն վար (2002-2003 ծնունդ), 14 տարեկանէն վար (2004-2005), 12 տարեկանէն վար (2006-2007) եւ 10 տարեկանէն վար (2008-2009):
Մրցաշարքին պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 11 մարտին, «Միշել Մըր»-ի անուան համալիրին մէջ, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
Բացման հանդիսութենէն ետք տեղի պիտի ունենայ առաջին մրցումը, 16 տարեկանէն վար դասակարգին մաս կազմող խումբերուն միջեւ:



