«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի պիտի ունենան երկուքական ճակատումներ:
Ֆրանսայի մէջ պիտի կատարուի բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատում մը, որուն ընթացքին Փարիզ Սեն Ժերմեն պիտի հիւրընկալէ Ռէալ Մատրիտը:
Հիւրընկալ կազմը քիչ մը դժուար մրցում մը ունի կատարելիք: Այդ մրցումը դժուար պիտի ըլլայ, որովհետեւ նախ Փարիզ Սեն Ժերմեն երթին Սպանիոյ մէջ 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Իսկ երկրորդ, անոր կազմէն պիտի բացակայի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար, որ նախորդ շաբաթավերջին ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ այս մրցումին իրաւարար նշանակուեցաւ, գերմանացի Ֆելիքս Պրիխ:
Այսօրուան երկրորդ մրցումին, Լիվըրփուլ բաւական հանգիստ մրցում մը ունի կատարելիք, երբ հիւրընկալէ Փորթոն:
Երթին Լիվըրփուլ Փորթուգալի մէջ 5-0 արդիւնքով բաւական հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց:
Նշենք, որ այսօրուան երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:



