Վարչապետ Կարէն Կարապետեան 3 մարտին այցելած է Արագածոտնի մարզ` ծանօթանալու 2017 թուականին մարզի եւ համայնքներու զարգացման ծրագիրներու շրջագիծին մէջ ըստ բնագաւառներու իրականացած գործառոյթներու արդիւնքներուն եւ 2018-ի ծրագիրներուն:
Արագածոտնի մարզպետ Աշոտ Սիմոնեան նշած է, որ հանրապետութեան համախառն ներքին արդիւնքի ցուցանիշին մէջ մարզի մասնաբաժինը կը կազմէ 3 առ հարիւր:
Մարզպետը համեմատական բաղդատականներ տուած է առեւտուրի, ծառայութիւններու, գիւղատնտեսութեան, շինարարութեան, ներդրումային ծրագիրներու, զբօսաշրջութեան եւ այլ բնագաւառներու մասին` ներկայացնելով 2016-ի եւ 2017-ի թուական պատկերները:
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան ողջունած է գիւղատնտեսութեան բնագաւառին մէջ իրականացուող ծրագիրներու ընթացքը եւ կարեւոր նկատած արտածման ծաւալներու բարձրացման ուղղուած քայլերը:
Վարչապետը գոհունակութիւն յայտնած է աղբահանութեան բնագաւառին մէջ իրականացուող աշխատանքներու ընթացքէն եւ ընդգծած, որ պետութեան կողմէ օժանդակութեամբ տրամադրուող միջոցներով կարելի կ՛ըլլայ ուղղել համայնքներուն մէջ այլ ծրագիրներու իրականացումը, այդ կարգին` ենթակառուցուածքներու բարելաւումը:
Աշոտ Սիմոնեան ներկայացուցած է նաեւ մարզի բժշկական հաստատութիւններուն մասին տեղեկութիւններ, իսկ Արագածոտնի մարզպետարանի կրթութեան վարչութեան պետը ներկայացուցած է մարզի կրթական հաստատութիւններուն մասին տեղեկագիր մը` դպրոցներու, աշակերտութեան, գործող ուսուցիչներու թուական պատկերն ու այլն մանրամասնութիւններ:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են նաեւ միջհամայնքային ճամբաներու վերանորոգման ոչ սովորական լուծումներ գտնելու, զբօսաշրջութեան եւ այլ բնագաւառներու առնչուող շարք մը հարցեր:



