Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Եւ Լիոնի Քաղաքապետները Համագործակցութեան Յուշագիր Ստորագրած Են

March 6, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ կազմակերպուած պաշտօնական արարողութեան ժամանակ Երեւան եւ Լիոն քաղաքներուն միջեւ ստորագրուած է յուշագիր, ուր նախանշուած են այն հիմնական գերակայ  ուղղութիւնները, որոնցմով պիտի խորացուի երկու քաղաքներու համագործակցութիւնը: Փաստաթուղթը ստորագրած են Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը եւ Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեկեանը:

Յուշագիրի ստորագրութեան արարողութենէն ետք Երեւանի եւ Լիոնի քաղաքապետները հանդէս եկած են ելոյթներով:

Յատկապէս կարեւոր նկատելով երկուստեք կապերու ա՛լ աւելի ամրապնդումն ու փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնումը` Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան նկատել տուած է, որ անցած աւելի քան երկու տասնամեակները թէ՛ ապակեդրոնացած համագործակցութեան, թէ՛ տնտեսական, մշակութային, կրթական եւ թէ՛ այլ բնագաւառներու մէջ նշանաւոր եղած են հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու վերընթաց զարգացումով:

Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեկեան իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան եւ գնահատանքին համար, համոզում  յայտնած է, որ ստորագրուած նոր յուշագիրով նոր էջ պիտի բացուի երկու քաղաքներու համագործակցութեան մէջ, ապահովելով զարգացման նոր ուղղութիւններ` ի շահ Երեւան եւ Լիոն քաղաքներու բնակիչներուն:

Պաշտօնական արարողութեան ժամանակ Երեւանի եւ Լիոնի միջեւ բարեկամական կապերու ամրապնդման գործին մէջ ունեցած մեծ աւանդին համար քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեկեանը պարգեւատրած է Երեւանի քաղաքապետի ոսկիէ մետալով:

Այնուհետեւ Երեւանի եւ Լիոնի քաղաքապետները պատասխանած են նաեւ լրագրողներու հարցումներուն: Տարօն Մարգարեան ու Ժորժ Քեփենեկեան համոզում յայտնած են, որ ստորագրուած յուշագիրով ա՛լ աւելի կ՛ամրապնդուի երկու քաղաքներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ առկայ բարեկամութիւնը եւ կողմերը պիտի կարենան կեանքի կոչել բոլոր այն ծրագիրները, որոնք նախանշած են:

 

 

Նախորդը

Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Ընդունած Է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարի Փոխտեղակալը

Յաջորդը

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Այցելած Է Արագածոտնի Մարզ

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.