Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանը արդէն իսկ գրեթէ հասած է իր աւարտին` նկատի ունենալով, որ աւարտական հանգրուանին գծով մնացած են միայն երեք մրցումներ` երեք խումբերու միջեւ, որոնք իրարու դէմ պիտի մրցին մէկական անգամ:
Այդ երեք խումբերուն կարգին է ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջկանց խումբը, որ վաղը` կիրակի, 4 մարտին պիտի մրցի Հուփսի դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի կէսօրէ ետք ժամը 14:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմայի դաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ Պէյրութի երկրորդ եւ վերջին մրցակիցը պիտի ըլլայ Ֆիտաա Սայտա:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի վաղը ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի կազմը:


