25 փետրուարին Ալպանիոյ դէմ իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ (84-65), Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականը ՖԻՊԱ-ին կողմէ երէկ հրապարակուած աշխարհի միջազգային նոր դասաւորման մէջ մէկ դիրքով յառաջդիմելով բարձրացաւ 88-րդ դիրք:
Ասոր զուգահեռ, Ալպանիա 10 դիրք նահանջելով այժմ կը գրաւէ 91-րդ դիրքը:
2021-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականին յաջորդ մրցակիցը 2 դիրք նահանջելով այժմ 72-րդ է:



