Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընկերակցութեամբ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլի, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, Բարգաւաճումի եւ վերաշինութեան խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըրի եւ այլ պատասխանատուներու, ուղղուեցաւ Ուարտանիէ գիւղաքաղաք, ուր հիմնարկէքը կատարեց Աուալի գետի ըմպելի ջուրի զտարանին:
Նախագահ Աուն ողջունեց այս ծրագիրը, որմէ պիտի օգտուին ինը հարիւր հազար բնակիչներ: Ան դրուատեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան ջանքերը, որոնք տարիներ շարունակ սպասուած իրագործումներու վերածուած են:
Հանրապետութեան նախագահը հաստատեց, որ ինք յանձնառու է քաղաքացիներուն ծառայութեան վերաբերող բոլոր ծրագիրներուն գործադրութեան, յատկապէս այն ծրագիրները, որոնք կապուած են բարգաւաճման, ենթակառոյցներու արդիականացման` ի մասնաւորի ջրամբարներու եւ ջուրի ցանցերու վերաբերող ծրագիրներուն իրագործումին:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն Շուէյֆաթի մէջ, Խալտէ-Ուզահի մայրուղիին վրայ բացումը կատարեց Լիբանանի անկախութիւնը կերտող հերոսներէն Մաժիտ Արսլանի յուշարձանին:
Նախագահ Աուն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան Լիբանանի ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, գաղթականներու հարցերու նախարար Թալալ Արսլանի կողմէ:
Այս առիթով նախագահ Աուն շեշտեց, որ այս ժամանակաշրջանին պէտք է կեդրոնանալ լիբանանցիները համախմբող անձնաւորութիւններուն եւ իրադարձութիւններուն շուրջ, որպէսզի լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը երաշխաւորուի:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ պէտք է լաւատես ըլլալ լիբանանեան պետութեան ծաղկումի բարձր հաւանականութեամբ:
Ան ընդգծեց, որ ի տես Լիբանանի ենթարկուած քաղաքական ու տնտեսական ճնշումներուն եւ անոնց դէմ մղուած պայքարին, Լիբանան կ՛աշխատի մշակել տնտեսական զարթօնքի երկարատեւ ծրագիր մը:
Նախագահ Աուն աւելցուց, որ իր խորհրդանշական իմաստով լուրջ նպատակ մը կ՛ուզեն իրականացնել` վերջնականապէս փակելով գաղթականներու թղթածրարը, որուն հետ պիտի փակուի նաեւ Լիբանանի պատմութեան ցաւալի էջերէն մէկը:



