Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Ուժերու Միջազգային Օր. Մաշնուք. «Ապահով Լիբանանը Նախագահ Աունի Իշխանութեան Կարգախօսն Է»

March 3, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, երէկ Պիելի մէջ նշուեցաւ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու միջազգային օրը` ներկայութեամբ նախագահ Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ,  նախարար Նուհատ Մաշնուքի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Պասեմ Շապի, երեսփոխաններ Ալեն Աունի եւ Ղասսան Մուխայպերի, նախկին նախարար Էլիաս Ապու Սաապի, Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Ռեմոն Խաթթարի, բանակի հրամանատարին, պաշտպանութեան նախարարին եւ ապահովական մնացեալ բոլոր կառոյցներու ընդհանուր տնօրէններու ներկայացուցիչներուն, մեծ թիւով քաղաքապետներու եւ թաղապետներու, ինչպէս նաեւ զինուորականներու:

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, որ ինք վերջնականապէս ստորագրած է Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու անդամ կամաւորները իրենց աշխատանքին վրայ հաստատելու հրամանագիրը եւ զայն յղած է կառավարութեան, որ իր առաջին նիստին ընթացքին պիտի վաւերացնէ զայն:

Մաշնուք ընդգծեց, որ մօտիկ ապագային կարելի պիտի ըլլայ նաեւ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու անդամներուն շնորհել բնակարանային վարկեր ստանալու դրութիւնը, ինչպէս որ է պարագան մնացեալ զինուորականներուն:

Մաշնուք նշեց, որ ներկայիս Լիբանանի վկայած քաղաքական եւ տնտեսական տագնապալի իրավիճակին դիմաց կայ ապահովական կայունութեան հաստատ եւ շարունակուող ընթացք մը` երկրին ապահովական կայունութիւնը, որ ձեր շնորհիւ կերտուած է:

«Ապահով Լիբանանը նախագահ Աունի իշխանութեան կարգախօսն է», ըսաւ Մաշնուք:

Ան բարձր գնահատեց Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն ջանքերը` հաստատելով, որ լիբանանցի քաղաքացիները անվտանգութիւնը կը պարտին զիրենք պաշտպանող ուժերուն:

Ան ընդգծեց, որ ինք միշտ պիտի զօրակցի Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն եւ պիտի պաշտպանէ անոնց իրաւունքները` խոստանալով այդ կառոյցին կարողութիւնները միջազգային չափանիշներու համազօր դարձնել:

 

Նախորդը

Ընտրական Մթնոլորտը Հետզհետէ Աւելի Տիրական Կը Դառնայ

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Հիմնարկէքը Կատարեց Աուալիի Ըմպելի Ջուրի Զտարանին Եւ Բացումը` Մաժիտ Արսլանի Յուշարձանին

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.