Երեսփոխանական ընտրութիւններէն գրեթէ երկու ամիս առաջ Լիբանանի մէջ ընտրական մթնոլորտը սկսած է հետզհետէ տիրական դառնալ:
Այդ շրջագիծին մէջ սկսած են թեկնածութիւններ առաջադրուիլ, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ սկսած է ընտրական ճառախօսութիւն հնչել:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ ինք եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա միակներն են, որոնք երեք վայրկեանի ընթացքին կրցած են ընտրացանկերը կազմել:
Խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի երէկ իր թեկնածութիւնը առաջադրեց Պաալպեք-Հերմելի ընտրաշրջանին մէջ` հաստատելով, որ ընտրական իր կարգախօսը ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնն է:
Երեսփոխան Պութրոս Հարպ իր թեկնածութիւնը առաջադրեց Պաթրունի մարոնի համայնքի աթոռին համար:
Սայտայի նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրի Սայտայի մէջ սիւննի համայնքին պատկանող երկու աթոռներէն մէկուն համար առաջադրեց իր թեկնածութիւնը:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա իր թեկնածութիւնը առաջադրեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն` Ժիպէյլ-Քեսրուան ընտրաշրջանի մարոնի համայնքի աթոռին համար:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն մտածելու ելեկտրականութեան, ջուրին եւ փողոցներուն մասին եւ այդ ուղղուածութեամբ ուղղուելու քուէարկութեան:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ Սայֆիի մէջ ընդունեց նախկին երեսփոխան Ֆարես Սուէյտը, որուն հետ քննարկեց Քեսրուան-Ժիպէյլ ընտրաշրջանի ընտրական մանրամասնութիւնները եւ համաձայնեցան քաղաքական ու ընտրական այդ հարցերուն շուրջ քննարկումները շարունակել:
Ժեմայէլ ընդունեց նաեւ Տաւիտ Իսան, որ յայտնեց, թէ ինք իր թեկնածութիւնը առաջադրած է Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի յոյն կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցչութեան նպատակով: Իսա աւելցուց, որ այդ թեկնածութիւնը ինք զետեղած է Ժեմայէլի տրամադրութեան տակ` ընտրական դաշինքները վերջնականացնելու իմաստով:
Միւս կողմէ, Ազգային ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Տորի Շամուն հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլի եւ Ֆարես Սուէյտի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին միասնաբար պայքարելու անհրաժեշտութիւնը` Լիբանանի ազատութիւնը եւ անկախութիւնը պաշտպանող քաղաքական խմբաւորումները դարձեալ միաւորելու յոյսով:


