ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս յայտնեց, որ կառավարութիւնը 18 միլիոն տոլար վաւերացուցած է` Պէյրութի միջազգային օդակայանի ընդարձակման առաջին փուլին սկսելու համար: Նշենք, որ Ֆընիանոս երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Մոնիքա Շմուցը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ միջազգային խորհրդաժողովները, որոնց վրայ վստահութիւն ունէինք, իրենց ազդեցութիւնը պիտի չունենան, եթէ կարելի չըլլայ 2018-ի պետական ամավարկը վաւերացնել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ իրենց համար կարեւոր է, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութիւնը ծառայէ Լիբանանի շահերուն:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ Ղովմի կուսակցութեան որոշումին:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ զարմանք յայտնեց, որ Շուֆի մէջ «Սիթի Պլու» ընկերութեան կողմէ ներկայացուած աղբ հաւաքելու առաջարկը մերժուած է:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար Ապտել Ռահիմ Մըրատ կոչ ուղղեց բոլորին քուէարկելու իրենց խիղճով եւ միտքով` վերջ տալու համար երկրին մէջ գործուող ելեւմտական ոճիրներուն:
ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ բանտարկեալներու հարազատները երէկ փակեցին Թրիփոլիի սերային դիմաց գտնուող փողոցը` պահանջելով այդ բանտարկեալները ազատ արձակելու որոշումին վաւերացումը:


