Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեցին Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը, զինադադարի գործադրութիւնը եւ Արեւելեան Ղութայի մէջ մարդասիրական օժանդակութեան ու վիրաւորներու հեռացման համար միջանցք բանալու հարցերը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Էլիզէի պալատի հրապարակած հաղորդագրութեան:
Մաքրոն եւ Թրամփ համաձայնութիւն գոյացուցած են միասնաբար ջանք թափելու Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի կողմէ որոշուած զինադադարը հաստատելու համար:
Երկու ղեկավարները համաձայն գտնուած են, որ Ռուսիան պէտք է «յստակօրէն առաւելագոյն ճնշում բանեցնէ Դամասկոսի վարչակարգին վրայ», որպէսզի վերջինս յարգէ զինադադարը:
Մաքրոն նաեւ վերահաստատած է, որ Ֆրանսա «ուժեղ կերպով պիտի հակադարձէ», եթէ ի յայտ գայ, որ քիմիական զէնքեր պատճառ դարձած են Սուրիոյ մէջ քաղաքայիններու մահուան:
Նշենք, որ երէկ տեղի ունեցաւ Թրամփի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի միջեւ նոյնիմաստ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը:



