Աֆրինի մէջ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներէն աղբիւր մը երէկ հաղորդեց, որ ջոկատներէն 13 զինեալներ սպաննուած են եւ 3 ուրիշներ վիրաւորուած, ինչպէս նաեւ քրտական ուժերը վար առած են Ռաժոյի վերեւ թռիչք կատարած թրքական բանակի մէկ ուղղաթիռը:
Աֆրինի մէջ Սուրիոյ աշխարհազօրի բանբեր Իպրահիմ Մաքթապի «Սփութնիք»-ին յայտնեց, որ վար առնուած ուղղաթիրը «Քոպրա» տիպի է եւ մէկն է այն երեք ուղղաթիռներէն, որոնք Ռաժօ գիւղին մէջ յարձակում կը գործէին Սուրիոյ աշխարհազօրին դէմ: Ան յայտնեց, որ աշխարհազօրի անդամներէն մէկը հակաօդային համակարգով վար առած է ուղղաթիռը, որուն անձնակազմի ճակատագիրը յայտնի չէ, որովհետեւ ինկած է աշխարհազօրի դիրքերէն 2 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
ՍԱՆԱ իր կարգին հաղորդեց, որ առնուազն 20 անձեր սպաննուած են եւ տասնեակներով ուրիշներ վիրաւորուած Շարան, Մէյտանքի, Հաժ Խալիլ գիւղերու թրքական ռմբակոծման պատճառով:
Ժողովրդային պաշտպանութեան ուժերը երէկ հաղորդեցին, որ Ռաժօ շրջանի Մասաքա գիւղին մէջ բուռն բախումներ տեղի ունեցած են քիւրտ զինեալներուն եւ թրքական ուժերուն միջեւ:
«Անատոլու» իր կարգին հաղորդեց, որ թրքական բանակն ու Սուրիական ազատ բանակէն անոր դաշնակիցները գրաւած են Մասքանլի, Մամլի եւ Աթմանլի գիւղերը եւ հասած Ռաժօ գիւղի դռները:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի խորհրդական Իլնուր Չեւիք «Ենիպիրլիք» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ յայտարարած է, որ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը մօտիկ ապագային պիտի աւարտի:
Ան շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգներ մինչեւ օրս չեն ընկալած Սուրիոյ մէջ գործող քրտական ուժերուն առնչուած Անգարայի յղած ուղերձները եւ «ձախողած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ վստահութեան քննութեան մէջ»:



