Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի գործող ախոյեան Մաքսիմ Մանուկեան յատուկ մրցանակ մը ստացաւ Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ Պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ տեղի ունեցած «Հայկեան-2017» մրցանակաբաշխութեան:
Մանուկեան մրցանակի արժանացաւ, մարզաշխարհի զարգացման գործին մէջ իր ունեցած նշանակալի ներդրումին եւ նուիրումին համար:
Մրցանակը ըմբիշին յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը:
Յայտնենք, որ օգոստոս 2017-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան, Մաքսիմ Մանուկեան ախոյեանի տիտղոսը նուաճեց 80 քկ դասակարգին մէջ:



