Կազմակերպութեամբ «Լեպանոն ուոթըր-ֆեսթիվալ» միութեան, նախորդ շաբաթավերջին «Վանտա» պանդոկին մէջ (Մաալմըլթէյն) տեղի ունեցան սուզումի Ա., Բ. եւ Գ. կարգի դասընթացքներ` հսկողութեամբ սուզումի միջազգային ֆետերասիոնին:
12 անձեր մարզիչի տարբեր տեսակի վկայագիրներ ստացան, ստորագրուած` Սուզումի միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ Աննա Ազանովայի կողմէ:
Անոնք յառաջիկային կրնան տեղական թէ միջազգային մրցումներու ընթացքին իրենց խումբերը կազմելով մասնակցիլ անոնց:
«Լեպանոն-ուոթըր-ֆեսթիվալ» միութիւնը հիմնուած է 22 օգոստոս 2013-ին` նախագահութեամբ Սիմոն Խուրիի: Միութիւնը նախորդ տարի միացաւ Սուզումի միջազգային ֆետերասիոնին:



