«Թերթ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարած է, թէ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը պէտք է անյապաղ լուծել: Ան նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է «Խոջալուի դէպքերուն» նուիրուած ցուցահանդէսի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ խորհրդարանի շէնքին մէջ:
Թրքական «Ենի Շաֆաք» թերթը կը գրէ, թէ Թուրքիոյ վարչապետը մեղադրած է Հայաստանը` «ազրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւման» յանցանքով, եւ շեշտած, որ Անգարա, ինչպէս միշտ, ամէն ձեւով պիտի շարունակէ աջակցիլ Ազրպէյճանին:
«Ազրպէյճանի ուրախութիւնը մեր ուրախութիւնն է, տխրութիւնը` մեր տխրութիւնը: Մենք պիտի շարունակենք ամէն հարցով աջակցիլ Ազրպէյճանին. կեցցէ՛ թուրք-ազրպէյճանական եղբայրութիւնը», ըսած է Եըլտըրըմ:
«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, թէ Եըլտըրըմ նաեւ անդրադարձած է Հոլանտայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ընդունուած բանաձեւերուն: Առանց ուղղակի Հոլանտայի անունը տալու Եըլտըրըմ յայտարարած է, թէ այս օրերուն ոմանք կը փափաքին ցեղասպանութեան համար հաշիւ պահանջել Թուրքիայէն` այդ «հաշիւ պահանջողներ»-ուն խորհուրդ տալով` «նախ իրենց սեփական ամօթալի» պատմութեան նայելու:
«Այսօր կ՛ուզեն մեզի դաս տալ եւ ցեղասպանութեան համար հաշիւ պահանջել մեզմէ: Հայոց ցեղասպանութիւն, 1915-ի դէպքեր® Մէյ մըն ալ մեզի հարցադրում ընելու փոխարէն` ետ դարձէ՛ք ու ձեր ամօթալի պատմութեան նայեցէ՛ք: Գաղութացումը, կոտորածն ու ցեղասպանութիւնը ձեր պատմութեան բնորոշ է: Նախ ձեր աղտոտ անցեալին, ստրկավաճառութեան պատասխանը տուէ՛ք: Նախ տարիներով ձեր գաղութացուցած երկիրներուն եւ իրականացուցած կոտորածներուն պատասխանը տուէ՛ք, ապա` մեզ զրպարտեցէք», ըսած է Թուրքիոյ վարչապետը:



