Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անտարբերութիւնը

March 2, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Անտարբերութիւնը վտանգաւոր երեւոյթ մըն է,  որ ինքն իրեն չի ստեղծուիր: Ընդհակառա՛կը,  ժամանակի ընթացքին, երկար մաշումէ ետք յուսահատական վիճակի մը հետեւանք է:

Անտարբերութիւնը աւերներ կը գործէ,  որովհետեւ արժէքներու խախտում տեղի կ՛ունենայ, եւ մարդիկ, երբ հրապարակէն քաշուին, եւ ամայանայ, ամէն բան փլելու կը սկսի: Անտարբերութիւնը ընդհանրապէս միահեծան իշխանութիւններու առկայութեամբ աւելի շեշտուած է: Ընդդիմութեան հանդէպ հալածանքը, սարսափը, վախը եւ կասկածը ժամանակի ընթացքին անտարբերութեան հոգեվիճակ մը կը զարգացնեն եւ մարդիկ կը սկսին ոչ մէկ հարցով տագնապիլ, ամէն բան բնական կը տեսնեն, ամէն մէկ հարց կը սկսի բնական թուիլ եւ, այսպիսով, միատեսակ կարծիքի տարածումը աւերներ կը պատճառէ:

Ամէն բան լաւ տեսնելու, ամէն բան վարդագոյն դիտելու, ամէն նախաձեռնութեան հանդէպ լուրջ քննարկումի պակասը բնական մաշումի կը տանի:

Անտարբերութեան ալիքը վարակիչ է: Հայ աշակերտը անտարբեր է իր աւարտած վարժարանին հանդէպ: Հայ հաւատացեալը անտարբեր է իր հոգեւոր արժէքներու հանդէպ: Հայ միութենականը անտարբեր է իր ժողովական կեանքին հանդէպ: Հայ ուսանողը անտարբեր է իր համայնքի բարօրութեան հանդէպ:

Աւելի՛ն:

Հայ ընտանիքներ անտարբեր են իրենց տարեցներուն հանդէպ, գացէք ծերանոց ու Ազունիէ եւ ականատես եղէք պարագաներուն:

Հայ մտաւորականը անտարբեր է Հայաստանի մէջ տիրող կացութեան հանդէպ:

Եւ այսպէս, կրնամ էջեր գրել եւ ըսել, որ անտարբերութեան ալիքը մեծ է եւ մեծնալու վրայ է: Դժուար է մինչեւ օրս քանդուածը շինելը: Ճիշդ այդ պատճառով անտարբերութեան ճնշող մթնոլորտ մը կայ:

Մենք մեզի հետ անկեղծ չենք շատ անգամ: Ամէն բան լաւ է ըսելու խաբկանքին եւ կամ, աւելի ճիշդ, խաղին մէջ ինկած ենք:

Հարցը արմատական լուծումի կը կարօտի:

Անտարբերութեան ալիքը պետութիւններ տապալած է: Ամէն բան երեսի վրայ ձգելով, ամէն տեղ վստահելիներով աշխատելու ձեւը անտարբերութեան կարգավիճակ մը ստեղծած է ամէնուրեք:

Ճգնաժամի օրերը միայն պատուաստ մըն են, որ իրավիճակը երկարաձգուի: Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը` օրինակ: Հակառակ  ժողովուրդին ընդվզումին` իշխանութեան հանդէպ, հակառակ բանակին ապիկար վիճակին` ճգնաժամը համախմբեց բոլորը:

Անտարբերութիւնը վախցնող երեւոյթ է: Պէտք է գիտակցին բոլորը: Անտարբերութեան պատճառով ամէն հարցի մէջ կարկտան լուծումներով կը շարժինք:

Մինչեւ ե՞րբ կարելի է ձգձգել այս վիճակը` չեմ գիտեր:

Բայց գիտեմ, որ անտարբերութիւնը կը կրծէ մեր հոգին:

Պէտք է դուրս գալ անտարբերութենէն պայքարիլ ժխտական երեւոյթներու դէմ եւ լծուիլ շինիչ գործի:

 

 

Նախորդը

Մահացող Լեզուն Կ՛արժէ՞ Վերապրեցնել

Յաջորդը

Անդրադարձ 1918-ի Մայիսեան Դրուագներ Բ.

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.