Յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ Լիբանանի մէջ Ինթեր Աքատեմիայի ծրագիրին մեկնարկը, զոր կատարեց ծրագիրը իրականացնող Շերիֆ Ուըհպի` գործակցութեամբ Ինթեր Միլան ֆութպոլի ակումբի փոխնախագահ Խաւիէ Զանեթթիի:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան նախարարներ Ալի Հասան Խալիլ, Եուսեֆ Ֆընիանոս, Ղազի Զաայթեր, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի ներկայացուցիչ Զէյտ Խիամի (նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն) նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար, մարզական պատասխանատուներ, հիւրեր եւ մարզական լրագրողներ:
Ընդհանուր գիծերու մէջ Զանեթթի եւ Ուըհպի ներկաներուն ներկայացուցին իրենց ապագայի ծրագիրները եւ յոյս յայտնեցին, որ քանի մը տարի ետք Ինթեր Աքատեմիան ունենայ բազմաթիւ մասնաճիւղեր` Լիբանանի ամբողջ տարածքին:
Կարեւորութեամբ նշուեցաւ, որ Աքատեմիային բոլոր մարզիչները պիտի ըլլան իտալացի փորձառու մասնագէտներ, որպէսզի կարելի ըլլայ ապագայի հաշուոյն լաւ եւ որակաւոր մարզիկներ պատրաստել:

Նշենք, որ մամլոյ ասուլիսէն ետք, Ուըհպի եւ Զանեթթի այցելեցին վարչապետ Սաատ Հարիրիի` Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ, ապա խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի (Այն Թինէի մէջ):
Այս երկու հանդիպումներէն իւրաքանչիւրէն ետք անոնք Ինթեր Միլանի շապիկը նուիրեցին Հարիրիի եւ Պըրրիի:
Լուսանկարները Տրամադրեց`
ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ




