Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Կարապետեան. «Հայ-Իրանեան Յարաբերութիւնները Աւելի Բարձր Մակարդակի Պէտք Է Հասցնել»

February 28, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան 27 փետրուարին  ընդունած է Իրանի ուժանիւթի նախարար, հայ-իրանական միջկառավարական յանձնախումբի համանախագահ Ռեզա Արտաքանիանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Վարչապետը բարձր գնահատած է Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ առկայ քաղաքական յարաբերութիւններու մակարդակը եւ ընդգծած, որ կան բոլոր նախադրեալները երկկողմանի համագործակցութիւնը տարբեր մարզերու մէջ ամրապնդելու եւ զարգացնելու համար: Մասնաւորապէս տնտեսական փոխադարձ գործակցութիւնը խորացնելու հարցին մէջ ան կարեւոր նկատած է միջկառավարական յանձնախումբի արդիւնաւէտ գործունէութիւնը. վերջինիս հերթական նիստը տեղի ունեցած է նոյն օրը:

Ռեզա Արտաքանիան համոզում յայտնած է, որ երեւանեան նիստը նոր խթան պիտի հանդիսանայ երկկողմանի տնտեսական համագործակցութեան զարգացման: Ան վարչապետին ներկայացուցած է միջկառավարական յանձնախումբի նիստին ընթացքին քննարկուած հարցերը եւ անդրադարձած փոխադարձ գործակցութեան ուղղութիւններուն:

Նախարարը յատկապէս տեղեկացուցած է, որ վերջնական ձեւի կը բերուի մաքսային բնագաւառին մէջ համագործակցութեան խորացման վերաբերող փաստաթուղթը, որ շուտով ստորագրութեան պիտի ներկայացուի: Իրան-Հայաստան 400 քիլոուաթ երրորդ  ելեկտրահաղորդման գիծին առնչուած աշխատանքները եւս յաջողութեամբ կ՛ընթանան եւ կ՛ակնկալուի, որ անիկա շահագործման կը յանձնուի 2019 թուականի աւարտին: Ան կարեւոր նկատած է «Արաս» եւ Մեղրի ազատ տնտեսական գօտիներու համագործակցութեան խորացումը` ընդգծելով, որ իրանցի ներդրողները շահագրգռուած են այս  հարցով: Ըստ Իրանի ուժանիւթի նախարարին,  նիստի ընթացքին քննարկուած են նաեւ Մեղրի ջրելեկտրակայանի ծրագիրի իրականացման, երթեւեկի, բնապահպանութեան բնագաւառներուն մէջ համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերող հարցեր:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան ողջունած է նշուած բնագաւառներուն մէջ գործակցութեան զարգացումը եւ անհրաժեշտ նկատած առեւտրական շրջանառութեան ծաւալներու յաւելման վերաբերող ծրագիրներու գործադրութիւնը:  «Առեւտրական շրջանառութեան ներկայի ծաւալները բաւարար չեն: Մենք շահագրգռուած ենք մեծ ծրագիրներու կեանքի կոչումով եւ պատրաստ ենք համապատասխան քայլերու իրականացման, նաեւ` իրանցի առեւտրականներուն համար կազմակերպելու բաց օր եւ պատասխանելու զանոնք հետաքրքրող բոլոր հարցումներուն: Մեր յարաբերութիւններուն մակարդակը պէտք է փոխենք, մեր խումբը նպատակասլաց աշխատանք կը ծաւալէ երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները քաղաքականի մակարդակին հասցնելու ուղղութեամբ», շեշտած է վարչապետ Կարէն Կարապետեան:

Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ գիւղատնտեսութեան, կրթութեան, բնապահպանութեան, առողջապահութեան, զբօսաշրջութեան մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութեան խորացման ու այլ հարցերու:

 

Նախորդը

Դէմ Արտայայտուելով Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Սրումին` Մարկվելաշվիլի Չէ Կատարած Ազրպէյճանցի Երիտասարդի «Խոջալուի Զոհերու» Յիշատակը Յարգելու Խնդրանքը

Յաջորդը

Ռուստամեան. «Վարկանշային Այս Ընտրակարգը Պէտք Է Փոխուի»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.