Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Դատական իշխանութիւններու գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտը, որուն հետ քննարկեց դատական իշխանութիւններուն վերաբերող հարցերը, յատկապէս Արդարութեան պալատներուն մէջ ընթացող դատավարութիւններուն յաճախականութեան եւ դատական մարմինին կապուած խնդիրները:
Քննարկուեցան նաեւ 2018-ի պետական ամավարկը եւ անոր ընդգրկած այն կէտը, որ կը վերաբերի դատական մարզի ուսանողներուն կրթանպաստներու ճշդումին, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարարութեան մօտ գտնուող աշխատավարձի յաւելումներուն:
Դատաւոր Ֆահըտ նախագահ Աունին յայտնեց, որ ինք 1 եւ 2 մարտին Սենեկալի մէջ պիտի մասնակցի խորհրդաժողովի մը, որ կը վերաբերի ահաբեկչութեան կանխարգիլման եւ անոր դէմ պայքարին առումով դատական գերագոյն ատեաններուն դերակատարութեան:
Կը նախատեսուի, որ խորհրդաժողովին ընթացքին Ֆահըտ արտասանէ Լիբանանի խօսքը:
Նախագահ Աունի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Պահիա Հարիրի, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի, յատկապէս Սայտայի կարիքները, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Նիքոլա Ղոսըն եւ նախկին նախարար Ժան Օպէյտ:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ արուեստագէտ Ապտել Հալիմ Քարաքալլան, որուն ներկայութեան հաստատեց, որ անոր արուեստը հարազատ արտայայտութիւնն է Լիբանանի պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան:



