Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք վարչապետարանին մէջ նախագահեց 2018-ի պետական ամավարկի նախագիծի քննարկումի նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ էին փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի, նախարարներ Աւետիս Կիտանեան, Մոհամետ Ֆընէյշ, Ալի Հասան Խալիլ, Ռաէտ Խուրի, Եուսեֆ Ֆընիանոս, Այման Շքէյր եւ Միշել Ֆարաոն, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլայֆել:
Նիստէն ետք նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ նախարարութիւններուն պիւտճէները 20 առ հարիւրով նուազեցնելու առումով լրջութիւն ցուցաբերուած է` աւելցնելով, որ նախատեսուած է այդ նիստերը այսօր եւ վաղը եւս շարունակել, որպէսզի աւարտին քննարկումները:
Ալի Հասան Խալիլ հաւանական նկատեց, որ վարչապետ Հարիրի այսօրուան նիստին ներկայ չըլլայ` նշելով, որ եթէ քննարկումը շարունակուի այնպէս, ինչպէս ելեւմուտքի նախարարութիւնը ծրագրած է, ապա կարելի պիտի ըլլայ դրական արդիւնքներ արձանագրել:
Միւս կողմէ, Ֆընէյշ յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն ելեկտրականութիւն արտադրող նոր նաւերու օգտագործման դրութիւնը:
Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի երէկ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին, որ վարչապետին ներկայացուց սէուտցի պատուիրակ Նիզար Օլուլայի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ նախանցեալ գիշեր կատարուած հանդիպումին արդիւնքները` աւելցնելով, որ Օլուլայի Մեհրապ այցելութիւնը որոշուած էր նախքան իբրեւ սէուտցի պատուիրակ Լիբանան կատարած անոր այցելութիւնը:
Նոյն աղբիւրները շեշտեցին, որ Հարիրիի եւ Ռիաշիի միջեւ նախավերջին հանդիպումին ընթացքին գոյացած էին կարգ մը համաձայնութիւններ, որոնց մասին Ռիաշի Ժահժահի պատասխանները հաղորդած է վարչապետին:
Հարիրի երէկ ուշ գիշերին մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա` ընկերակցութեամբ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի:
Յայտնենք, որ վարչապետ Հարիրի թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն զօրակցութիւն յայտնեց Պաղեստինի մայրաքաղաք Երուսաղէմին եւ անոր բնակչութեան` կոչ ուղղելով պաշտպանելու Երուսաղէմի մէջ քրիստոնէական գոյութիւնը:



