Իրաքի կեդրոնական իշխանութիւնները ջնջած են Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի դրամատնային համակարգին դէմ պատժամիջոցները: Այս մասին կը հաղորդէ «Կազեթէտուվար» կայքը:
Իրաքի խորհրդարանը, պատժամիջոցներու ջնջման մասին որոշումը ընդունելով, իբրեւ այդպիսի որոշումի պատճառ նշած է պատժամիջոցներու` իրենց նպատակին ծառայած ըլլալու փաստը:
Յայտնի է, որ որոշումը ընդունուած է քրտական մարզին մէջ ազդեցիկ «Գորան» ընդդիմադիր շարժումի անդամներուն առաջարկով:
Քրտական մարզի անկախութեան վերաբերեալ հանրաքուէէն ետք Պաղտատ քրտական ինքնավար մարզը մեկուսացնելու նպատակով արգիլած էր դէպի Էրպիլ միջազգային թռիչքներու իրականացումը, Իրաքի կեդրոնական դրամատունը իր կարգին արգիլած էր քրտական մարզի տարածքին մէջ գտնուող դրամատուներու հետ որեւէ դրամական գործարքի իրականացում, Իրաքի կեդրոնական իշխանութիւնները նաեւ մարզի տարածքին գործող բջիջային ընկերութիւններէն պահանջած էին իրենց կեդրոնական գրասենեակները Էրպիլէն տեղափոխել Պաղտատ:
Յիշեցնենք, որ 25 սեպտեմբերին Քրտական ինքնավար մարզին մէջ տեղի ունեցած անկախութեան շուրջ հանրաքուէին մասնակցած քաղաքացիներուն 93,29 առ հարիւրը «այո» ըսած էր անկախացման: Հանրաքուէին մասնակցած էր ընտրողներու 72,16 առ հարիւրը:
Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի հանրաքուէն անուանած էր հակասահմանադրական եւ յայտարարած, որ Իրաքը զայն պիտի չընդունի: Իրաքի իշխանութիւնները նաեւ յայտարարած էին, որ բանակցութիւններ պիտի չվարեն քրտական մարզի կառավարութեան հետ` քուէարկութեան արդիւնքներուն վերաբերեալ: Հանրաքուէի կայացման դէմ հանդէս եկած էին Թուրքիան եւ Իրանը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներն ու ՄԱԿ-ը:



