Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Ողջունո՞ւմ, Թէ՞ Մերժում

February 28, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը շաբաթ, 24 փետրուարին միաձայնութեամբ որդեգրեց Սուրիոյ մէջ 30 օր զինադադար հաստատող թիւ 2401 որոշումը: Թէեւ առնչակից գրեթէ բոլոր կողմերը յայտարարեցին, թէ կ՛ողջունեն որոշումը եւ պիտի յարգեն զայն, սակայն անմիջապէս «բայց» մը աւելցնելով ձեւական ողջունումը վերածեցին տողատակի եւ գործնական մերժումի:

Թուրքիան ու քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները յայտարարեցին, թէ զինադադարը չի վերաբերիր Աֆրինի մէջ տեղի ունեցող գործողութիւններուն, իսկ Ռուսիան, Իրանն ու Սուրիան` թէ ատիկա չի վերաբերիր Դամասկոսի արուարձաններէն Արեւելեան Ղութային: Իւրաքանչիւր կողմ նաեւ յայտարարեց, թէ զինադադարը չի վերաբերիր «ահաբեկիչներու» դէմ պայքարին: Եթէ նկատի ունենանք «ահաբեկիչ» եզրի տարատեսակ ու խիստ սեփական մեկնաբանութիւնները, կարելի է այժմէն իսկ գուժել այդ միջազգային նորափթիթ որոշումին մահը: Այս իրողութեան փաստերուն շարքին կայ նաեւ հեգնականը. Ռուսիան, որուն պահանջով բարեփոխուելէ ետք միայն որդեգրուած էր վերոնշեալ որոշումը, Արեւելեան Ղութայի մէջ հաստատեց իր սեփական «մարդասիրական առօրեայ զինադադար»-ը: ՄԱԿ-ի միջանցքներուն մէջ արդէն կը լսուին դաշոյնի բազմաթիւ հարուածներ ստացած որոշումին ձայնը. «Դո՞ւն ալ Պրութոս»:

Այս բոլորը լատիներէն «Պատերազմներու ժամանակ օրէնքները կը լռեն» առածին ճշմարտութեան մասի՞ն կը վկայեն, թէ՞ պարզապէս հարցականի տակ կ՛առնեն Ապահովութեան խորհուրդի որոշումին արժէքն ու գործնական գետնի վրայ ազդեցութիւնն ու իմաստը: Ծանօթ է, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի որոշումները խորհրդանշական ու քարոզչական բնոյթի են եւ անոնց գործադրութիւնը պարտադիր չէ, սակայն, սկզբունքով, Ապահովութեան խորհուրդի որոշումները որոշ լրջութիւն եւ կշիռ ունին: Թիւ 2401 որոշումին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը բնականաբար չի կրնար բարենպաստ ըլլալ այդ որոշումին գործադրութեան եւ անոր ծնունդ տուած միջազգային մարմինին վարկին համար:

 

Նախորդը

Նախագահ Աունի Հայաստան Կատարած Պատմական Այցելութիւնը` Ինծի Համար Պատմական Փորձառութիւն

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.