ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Աշխատանքի բերումով բազմիցս գործուղուած եմ Հայաստան եւ Արցախ` հիմնականին մէջ ընկերակցելու եւ օժանդակելու հոն ուղղուող լիբանանեան եւ արաբական պատկերասփիւռի կայաններու անձնակազմերուն, որոնք մեր հայրենիքը կ՛այցելեն վաւերագրական ժապաւէններ պատրաստելու նպատակով:
Այդ փորձառութիւնը բաւական հարուստ է, պատասխանատուութիւնը` հսկայ, իսկ ինքզինք բարելաւելու մարտահրաւէրը` պարտադիր:
Անցնող օրերուն սակայն ապրած փորձառութիւնս շատ աւելի տարբեր էր ինծի համար սովորական դարձած ուղեւորութիւններէն: Այս անգամ ընտրուած էի մաս կազմելու հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին ընկերակցող պատուիրակութեան, եւ անոր հետ կատարելու դէպի Իրաք եւ Հայաստան զոյգ պաշտօնական այցելութիւններ:
Խանդավառութիւնը մեծ էր. կատարեալ ինքնավստահութեամբ պատրաստ էի այդ գործը կատարելու` նկատի ունենալով «Ազդակ»-ի խմբագրութեան հասցնելիք լրատուութիւնս:
Ճամբորդութեան զանգը հնչեց, երբ «Միտըլ իսթ» ընկերութեան մեզի յատկացուած օդանաւի օդաչուն ողջունեց հանրապետութեան նախագահին ներկայութիւնը եւ ազդանշանը տուաւ թռիչքի մեկնարկին:
Օդանաւին մէջ տասնեակ մը այլ լրագրողներու հետ քննարկումները ինքնաբերաբար սկսան` կեդրոնանալով երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ երկրին քաղաքական իրադարձութիւններուն վրայ:
Այդ քննարկումները աւելի աշխուժացան, երբ նախագահին ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութեան անդամ քաղաքական անձնաւորութիւններ այցելեցին մեզի:
Օդանաւին մէջ կը զգայինք ապահովական անձնակազմին տիրական ներկայութիւնը, որ սակայն չէր նեղացներ, այլ` կարգապահութիւն կը պարտադրէր:
Մէկ խօսքով, մթնոլորտը հարազատ էր, բոլորս ալ լիբանանցիներ էինք, բացի կատարուած քանի մը ակնարկութիւններէ, որոնք կ՛անդրադառնային այն իրականութեան, որ այս անգամ բացառաբար հայ լրագրողներ կան, որովհետեւ նախագահը պիտի ուղղուի Հայաստան:
Ինծի համար յաւելեալ ապահովութիւն էր նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի ներկայութիւնը:
Անոնք ակնարկութիւններ էին, որոնք սպասելի էին, եւ չկատարուելու պարագային է, որ պիտի զարմանայի:
Հանգիստ թռիչքէ մը ետք հասանք Պաղտատ, ուր փետրուարի կիսուն զգալի էր անապատային տաքը, իսկ տիրող ընդհանուր մթնոլորտը ճնշող էր: Մայրաքաղաքը պատերազմ կը բուրէր, իսկ զինուորական ներկայութիւնը` տարբեր տարազներով, տարբեր զինամթերքով եւ տարբեր ազգութիւններով, ինչպէս նաեւ փողոցներուն մէջտեղ զետեղուած քարէ պատնէշները համատարած էին:
Աւելի ուշ պետական կառոյցներուն մէջ արձանագրուած անկազմակերպ վիճակը, ինչպէս նաեւ նախագահական շքախումբը կազմելու համար արձանագրուած ուշացումները աւելի դժուար կը դարձնէին աշխատանքի թափը: Այս բոլորը կը յուշէին, որ Իրաքը տակաւին տասնեակ տարիներու կարիքը ունի` բարելաւուելու եւ բարգաւաճման հունին մէջ մտնելու:
Իրաք կատարուած այցելութեան աւարտին բոլորս պատրաստ էինք եւ անհամբեր ուղղուելու Երեւան:
Եւ ահա լսուեցաւ ճամբորդութիւնը համակարգող նախագահական պալատի պատասխանատուներէն Տանի Նաժըմի ձայնը. «Հայաստան ուղեւորութեան գեղեցիկ ծրագիր մը կը սպասէ մեզի»:
Արտայայտութիւն մը, որ չէք կրնար երեւակայել, թէ այդ պահուն ինչքա՛ն խաղաղութիւն եւ հոգեկան բաւարարութիւն կը պատճառէր:
Շուրջ մէկուկէս ժամուան թռիչքէ ետք, Լիբանանի մայրիին խորհրդանիշը կրող օդանաւը էջք կատարեց Զուարթնոց օդակայան: Արդէն ամէն ինչ սկսաւ շատ հարազատ թուիլ, յատկապէս երբ հեռուէն նշմարեցի հայկական տարազ հագած եւ իրենց ձեռքին աղ ու հաց բռնած տղեկն ու աղջնակը, որոնք կը մօտենային օդանաւի աստիճաններուն` հայկական աւանդութեամբ դիմաւորելու նախագահ Աունը:
Հակառակ Պաղտատի մէջ արձանագրուած ուշացումներուն, լիբանանեան պատուիրակութեան Երեւան ժամանումը, պաշտօնական ընդունելութիւնն ու ինքնաշարժներու շքախումբով Էջմիածին ուղղուիլը տեւեց շուրջ կէս ժամ: Ահա առաջին քայլը` կազմակերպուածութեան եւ արհեստավարժ ըլլալու առումով:
Էջմիածինը իր խորհրդաւոր լռութեամբ շատ բան փոխանցեց շուրջս գտնուող արաբ լրագրողներուն, որոնք անդադար կը համեմատէին Երեւանը Պաղտատի հետ:
Էջմիածինի մէջ կատարուած հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աունի յայտարարութիւնները հանգստացնող էին, իսկ դէմքին վրայ գծուած գոհունակութիւնը` անբացատրելի:
Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ նախագահ Աունի եւ պաշտօնական պատուիրակութեան ունեցած հանդիպումին ընթացքին, երբ վեհարանի մուտքին կը սպասէինք, ինծի համար ուրախալի անակնկալ մը եղաւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի ներկայութիւնը եւ ինքնաբուխ կերպով անոր օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները ստանալը:
Նախագահ Աունի Էջմիածինի Մայր տաճար կատարած այցելութենէն ետք, լիբանանեան պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ Ծիծեռնակաբերդ` յարգելու համար Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը:
Ծիծեռնակաբերդի մէջ մեր պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ Ցեղասպանութեան թանգարանի պատասխանատուներուն կողմէ, որոնք մեզի առաջնորդեցին դէպի Նահատակաց յուշարձան եւ զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակ:
Ծիծեռնակաբերդի մուտքին շեփորախումբը նախագահ Աունը դիմաւորեց Լիբանանի քայլերգով, ապա «Սուրբ, սուրբ»-ի նուագով նախագահ Աուն ծաղկեպսակ մը զետեղելէ ետք, պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ անմար կրակին շուրջ` զետեղելու համար իրեն տրուած զոյգ մը ծաղիկը: Նախագահ Աուն յուզուած էր, իսկ հնչող աղօթքին ներքեւ տիրող պատկերը` հոգեթով:
Ինծի համար սակայն, անբացատրելի էր «Քուլլունա լիլուաթան»-ի հետ էութիւնս համակած սարսուռը…
Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ նախագահ Աունի կատարած յանդուգն գրառումը նոյնպէս ազդեցիկ էր:
Աւելի ուշ, լիբանանահայութեան հետ նախագահ Աունի հանդիպումը պատճառ դարձաւ, որ հարազատ մթնոլորտը պատէ բոլորին էութիւնը:
Յաջորդ օր, Իրաքի եւ Հայաստանի միջեւ համեմատութիւնները արդէն վերջ գտած էին:
Լիբանանցիները շատ հանգիստ կը զգային եւ հայ պատասխանատուներուն հետ կը վարուէին իբրեւ պետութիւն` կատարեալ յարգանքով:
Հայաստան այցելութեան երկրորդ եւ վերջին օրուան առաւօտուն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական նստավայրին մէջ Լիբանանի նախագահը դիմաւորուեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ:
Կարմիր գորգեր ու մեծ պատիւ նախագահ Աունին: Ընտիր կազմակերպուածութիւն, պետական բարձր մակարդակ եւ բծախնդրութիւն, որ ամէնէն աւելի կատարեալ կերպով դրսեւորուեցաւ, երբ շեփորախումբը նախագահ Աունը դիմաւորեց Լիբանանի քայլերգով:
Քայլերգին նուագակցութեան ընթացքին շատ հպարտալի էր լսել լիբանանցի լրագրողներուն հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Մերինները հայերէն պէտք է սորվին Լիբանանի քայլերգը նուագել»:
Նախագահներ Աունի եւ Սարգսեանի ունեցած դռնփակ եւ ապա ընդարձակ հանդիպումէն ետք կատարուած մամլոյ միացեալ ասուլիսը եւ անոր յաջորդող հանդիպումներն ու նախագահ Աունի ի պատիւ սարքուած պաշտօնական ընթրիքը իրենց կարգին նուաճումներ էին երկու երկիրներուն պատմական յարաբերութիւնները փաստելու առումով եւ նախաքայլ` փոխադարձ գործակցութիւնը զարգացնելու:
Նախագահ Աունի Հայաստան կատարած պատմական այցելութիւնը ինծի համար եղաւ պատմական փորձառութիւն:
Հպարտ կը զգայի թէ՛ հայ ըլլալուս, թէ՛ լիբանանցի ըլլալուս եւ թէ՛ լիբանանահայ ըլլալուս համար:



