ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Ռուսական գաղութատիրութիւն.
Ցարական գաղութատիրութիւնը Անդրկովկասի մէջ մտցուց ռուսական վարչաձեւ ու օրէնքներ` անտեսելով տեղական ժողովուրդներու իւրայատկութիւնները: Տարածաշրջանը բաժնեց 4 նահանգներու, որոնցմէ մէկը` Էլիզավեթպոլ նահանգը կը տարարծուէր Թիֆլիսէն Պաքու եւ իր մէջ կ՛առնէր Արցախն ու Զանգեզուրի հայկական հողատարածքները: Այս նահանգի բնակչութեան մեծ մասը սելճուք-թիւրքմեն-մոնկոլ- թաթար ցեղերէ բաղկացած ըլլալով` կը նկատուէր Ռուսիոյ իսլամ հպատակներու նահանգ… Այդ ժամանակէն ցարի մեծապետական քաղաքականութիւնը կը հետապնդէր հպատակ փոքր ազգերը սահմանային-հողային վէճերու մէջ պահելու յետին նպատակ: «Բաժնէ՛, որ տիրես»-ի ցարի քաղաքականութիւնը շարունակուեցաւ նաե՛ւ համայնավարներուն կողմէ, երբ Անդրկովկասը անցաւ անոնց տիրապետութեան տակ:
Գիտենք, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտին Անդրկովկասի երեք երկիրները` Վրաստան, Ազրպէյճան եւ Հայաստան յաջորդաբար անկախութիւն հռչակեցին 1918-ին: Կարեւոր է նշել, որ մինչեւ այս թուականը (1918) «ազերի» ազգ կամ «Ազրպէյճան» անունով երկիր գոյութիւն չէ ունեցած: Սելճուք-թուրք-մոնկոլ-թաթար ցեղերու խառնուրդ այդ երկիրը թուրքերու քաջալերանքով ու նեցուկով հռչակեց անկախ պետութիւն եւ երկիրն ալ անուանեց Ազրպէյճան` հետեւութեամբը պարսկական Ատրպատական անունին, որ արաբները Ազրպէյճան կը հնչէին, եւ որուն բնակիչներն ալ մեծաւ մասամբ ցեղակից են իրենց: Նորաստեղծ այս երկրին վարիչները, գրաւումի ախորժակներով եւ միշտ նեցուկ ունենալով ցեղակից Թուրքիան, Արցախը (նաեւ` հայկական այլ հողատարածքներ) իրե՛նցը նկատեցին այն հիմնաւորումով, որ անիկա մաս կազմած է Էլիզավեթպոլ նահանգին:
Համայնավար Ռուսիա եւ Արցախ.
1920 թուականի վերջաւորութեան Հայաստան զինուորական ճնշումի տակ առնուած էր երկու ճակատներու վրայ: Մէկ կողմէ քեմալական Թուրքիան նոր գրաւումներու ձեռնարկած էր նորանկախ Հայաստանի դէմ, միւս կողմէ` Ազրպէյճանէն համայնավարներ կը խուժէին երկրին մէջ համայնավար վարչակարգ հաստատելու համար: Հայաստանի կառավարութիւնը անկարող ըլլալով երկու ճակատներու դիմադրել, համաձայնութեամբ մը երկիրը կը յանձնէր համայնավարներուն` յուսալով, որ անոնք կը պահեն հայրենիքի հողային ամբողջականութիւնը: Բայց դժբախտաբար այդպէս չեղաւ: Նոյն տարին, Անդրկովկասի երեք երկիրներուն մէջն ալ արդէն հաստատուած էր համայնավարական վարչակարգ:
Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի պահանջին ընդառաջելով` 1921 մարտ 16-ին Մոսկուայի մէջ կնքուեցաւ բարեկամութեան դաշինք մը համայնավար Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ, ուր որոշուեցաւ նաեւ, որ Նախիջեւանը Հայաստանէն անջատուելով` պիտի դառնայ ինքնավար հանրապետութեան: Եօթը ամիս ետք, նոյն թուականի հոկտեմբերին, Թուրքիոյ ճնշումով եւ համայնավար վարչակարգի պարտադրանքով, մէկ կողմէ Անդրկովկասի երեք հանրապետութեանց (Հայաստան, Վրաստան, Ազրպէյճան) եւ Ռուսիոյ, իսկ միւս կողմէ` Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու միջեւ ստորագրուեցաւ Մոսկուայի «բարեկամութեան» դաշինքին նոր տարբերակը, ըստ որուն, Նախիջեւանն ու Ղարաբաղը կը դառնան ինքնավար հանրապետութիւն եւ մարզեր, բայց կը մտնեն Ազրպէյճանի սահմաններուն մէջ:
Եւ ի վերջոյ, 7 յուլիս 1923 թուականին Խորհրդային Միութեան պաշտօնական հրամանագրով կը հռչակուէր «Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը» 4.400 քառ. քմ. տարածութեամբ, Ազրպէյճանի սահմաններուն մէջ: Այդ հրամանագրով «ինքնավար մարզ»-ի սահմաններէն դուրս կը մնային Ղարաբաղի մնացեալ շրջանները, եւ հոն ապրող հայերու կեանքը կը դառնար անտանելի` հայաթափման հալածանքներու ենթակայ: Այդ հրամանագրին հեղինակն ու գործադրողը աշխարհածանօթ բռնատէր-դահիճ Եոսեֆ Ստալինն էր:
Խորհրդային Միութեան առաջին տարիներն էին: Մոսկուան կը գոհացնէր նաֆթահորերով հարուստ Ազրպէյճանը, իսկ Թուրքիոյ նկատմամբ ունէր ռոմանթիկ հետապնդումը` զայն համայնավար դարձնելու: Անոր մէջ կը տեսնէր ռազմավարական հաւատարիմ դաշնակից մը եւ կը յուսար, որ Թուրքիոյ ճամբով ու միջոցով իր` համայնավարական վարդապետութիւնը պիտի տարածէ դէպի Եւրոպա ու Միջին Արեւելք: Բնական է, որ Թուրքիան ալ առաւելագոյնս կ’օգտուէր անոր այդ «տկարութենէն»:
Այսպէս, Խ. Միութեան մեծապետական հաշիւներուն զոհ կը դառնար Արցախը իր հայ բնակչութեամբ: Միշտ ալ մեծապետական հաշիւները աւելի ծանր կշռած են, քան` իրաւունքն ու արդարութիւնը:
Համայնավար բռնապետութեան 70 տարիներու խստագոյն պայմաններու տակն իսկ հայութիւնը երբեք չդադրեցաւ պահանջելէ, որ Ստալինի սխալ կարգադրութիւնը սրբագրուի եւ Արցախը վերամիաւորուի Հայաստանին: Ներկայացուած ամէն առիթի կուսակցական խողովակներով, ժողովական կարգով, հանրագրութիւններով ու նամակներով յամառօրէն դիմեց Մոսկուան` յուսալով, որ արդարութիւնը կը վերականգնի: Բայց երբ հաստատեց, որ իր իրաւունքը կ՛արհամարհուի եւ ճնշումը կը սաստկանայ, հակադարձ շարժումով մը ժայթքեց ղարաբաղեան համաժողովրդային շարժումը 1988-ի փետրուարին:
(Շար. 3)


