Ռուսիոյ թենիսի ընդհանուր դասաւորման մէջ երկրորդ դիրքը գրաւող ռուսահայ Կարէն Խաչանով նախորդ շաբաթավերջին յաջողեցաւ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով դառնալ տիտղոսակիր, երբ տիրացաւ Մարսէյի մէջ տեղի ունեցած թենիսի «Էյ. Թի. Փի.-250»-ի միջազգային բաց մրցաշարքի տիտղոսին:
21 տարեկան մոսկուահայ Խաչանով աւարտականին 7-5, 3-6 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթեց ֆրանսացի Լիւք Փուիի:
Ան «Էյ. Թի. Փի.»-ի իր առաջին տիտղոսին տիրացած էր 2016-ին, Չինաստանի մէջ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն եւ տիտղոսին տիրանալէ ետք, Խաչանով 6 դիրքի ոստում մը արձանագրելով բարձրացաւ 41-րդ դիրք` երէկ հրապարակուած միջազգային նոր դասաւորման մէջ, իր տրամադրութեան տակ ունենալով 1235 կէտ:



