Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. 4-րդ Նախագահի Ընտրութեան Սեմին. Համահայկական Կերպար Եւ Քաղաքական Ներկայ Պահու Ընտրանք

February 27, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաշուըւած օրեր ետք, նորացուած Սահմանադրութեան հիման վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը կ՛ընտրէ Հայաստանի Հանրապետութեան 4-րդ նախագահը:

4-րդ նախագահը  պիտի չունենայ իր նախորդին` այժմու գործող նախագահին միեւնոյն լիազօրութիւնները: Ան, շարունակելով պահել երկրի ու պետութեան բարձրագոյն պաշտօնը, ըստ էութեան յանուն երկրին ու պետութեան պիտի մասնակցի ազգային, միջազգային արարողութիւններու, միջազգային բարձրագոյն ատեաններուն պիտի շարունակէ ներկայացնել պաշտօնական Երեւանը, պիտի ստորագրէ համաձայնագիրներ ու փաստաթուղթեր, պիտի ընդունի օտարերկրեայ դիւանագէտներու հաւատարմագիրները, պիտի շնորհէ բարձրագոյն դիւանագիտական, զինուորական եւ տարբեր ոլորտներու  աստիճաններ, կոչումներ, քաղաքացիութիւն: Նման գործառոյթներ եւ լիազօրութիւններ սահմանուած են անշուշտ սահմանադրականօրէն:

Նախագահի լիազօրութիւններու փոփոխութիւնը պէտք չէ ձգէ այն տպաւորութիւնը, որ գործող լիազօրութիւններով ղեկավարելու համակարգը կիսանախագահականէն կ՛անցնի  վարչապետականի: Նոր Սահմանադրութեան ամբողջ փիլիսոփայութիւնը կառավարման լիազօրութիւնները մէկ հոգիի վրայ չկեդրոնացնելն է. կամ ալ պետական մէկ հիմնարկին գերիրաւասութիւններ շնորհելը չէ: Իշխանութեան տարածումն է, գործադիր, օրէնսդիր հարթութիւններու վրայ որոշում կայացնելու գործընթացի հաւաքականացումը եւ արդարադատութեան համակարգի ամբողջական անկախացումը:

Ամէն ինչ չէ, որ այս պարագային Սահմանադրութեամբ մանրամասնուած է, եւ ասիկա բնական է: Հանրապետութեան նախագահը յայտնաբար պիտի զբաղի նաեւ համահայկական խնդիրներով, արդէն իսկ որոշ ճամբայ կտրած Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան ուղղութեան ամրակայման եւ զարգացման ծրագիրներով: Ահա այստեղ է նաեւ նախագահի անձին ընտրութեան գերակայ շարժառիթներէն մէկը: Նախագահական պաշտօն ստանձնող անձնաւորութիւնը պէտք է իրազեկ ըլլայ համահայկական դաշտին եւ այդ ուղղութեամբ` աշխատանքային կենսափորձ ու կենսագրութիւն արձանագրած:

Արմէն Սարգսեանի ուղեւորութիւնը Լիբանան կը տեղադրուի իր` հայկական աշխարհին մէջ գործող հայկական հոգեւոր, ազգային, կուսակցական կեդրոններ շրջապտոյտի ընդհանուր շրջագիծին մէջ: Եւ ուշագրաւ երեւոյթ է, որ լիբանանահայ համայնքին տուած  այցելութեամբ իր աշխատանքային շրջապտոյտը  կը փակէ խորհրդարանական մեծամասնութեան եւ արդէն համախոհական կառավարութիւն կազմած կուսակցութիւններու` ՀՀԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի հանրապետութեան նախագահի թեկնածուն:

Այդ այցելութիւններուն ընթացքին կայացած քննարկումները ընդգծեցին, որ նախագահութեան թեկնածուն, իրօք, իրազեկ է համահայկական դաշտին, հայրենիքի խնդիրներուն, արցախեան հակամարտութեան բանակցային գործընթացի նուրբ դրոյթներուն, սփիւռքի իւրայատկութիւններուն, համահայկական հասարակութիւն ստեղծելու կարեւոր առաջադրանքի իրականացման համար գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն: Այս բոլորին առընթեր` միջազգային տնտեսաքաղաքական ընդհանուր միտումներուն, արհեստագիտութեան ոլորտի թռիչքային զարգացումներուն եւ գիտելիքի ու մտքի հիման վրայ հայրենիքը 21-րդ դարու երկիր ու պետութիւն դարձնելու հրամայականի գործադրման հնարաւոր ուղիներուն:

Թէ՛ համահայկական հարթութեան ծանօթ ըլլալու եւ թէ՛ միջազգային ատեաններու մէջ տնտեսաքաղաքական լեզուին ու մշակոյթին տիրապետած ըլլալու հանգամանքներուն առընթեր Արմէն Սարգսեանի անձին նշանակումը քաղաքական ներկայ պահու համահունչ նշանակութիւն ունի Հայաստանի Հանրապետութեան ստանձնած նոր դերին եւ նոր հանգամանքին հետ:

Անդամակցելով Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ)` Երեւանը ստորագրեց նաեւ համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան համաձայնագիր Եւրոպական Միութեան հետ, ստանալով եզակի եւ յատուկ հանգամանք երկու միջպետական միաւորներուն միջեւ կամուրջի դերակատարութեան իրողական հնարաւորութիւնով: Երկու ուղղութիւններով միջազգային ատեաններուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող 4-րդ նախագահը ԵՏՄ-ի անդամ պետութիւններու յատկապէս տնտեսական ծրագիրներուն մասնակցութեամբ եւ այդ մշակոյթի տիրապետումով, ինչպէս նաեւ Լոնտոնի մէջ դիւանագիտական ծառայութեան հսկայական փորձի կուտակման ճամբով եւրոպական կառոյցներուն հետ սերտօրէն համագործակցելով վաստկած է կարեւորագոյն աւանդ եւ պատրաստ ենթահող այդ ուղղութիւններու համադրման կէտի վերածելու Երեւանը:

Նախորդը

Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ՞ 100-ամեակ

Յաջորդը

Անգլիական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Սիթի 5-րդ Անգամ Ըլլալով Լիկայի Մրցաշարքի Տիտղոսակիր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան  Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ

October 6, 2026
Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ  Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 6, 2026
«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ  Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին»  Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի
Գլխաւոր լուրեր

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին» Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.