ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթ օր «Մուսթաքպալ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Հայաստան կատարած այցելութեան:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ թեկնածութիւնները առաջադրելու իմաստով ՀՅԴ-ի սովորութիւնն է վերջին քանի մը ժամուան ընթացքին յայտարարել թեկնածուներուն ինքնութիւնը:
«Այս շրջագիծին մէջ կրնանք 4-5 մարտին յայտարարել մեր թեկնածուները, 5-6 մարտին առաջադրել անոնց թեկնածութիւնը, իսկ ընտրական դաշինքները կարելի է վերջնականացնել եւ յստակացնել մինչեւ 26 մարտ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ՀՅԴ-ի ընտրական դաշինքը ամբողջ Լիբանանի տարածքին մէկ պիտի ըլլայ, նոյնիսկ Զահլէի մէջ:
«Երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները անպայման անակնկալներ պիտի բերեն` նկատի ունենալով համամասնական ընտրական օրէնքը: 7 մայիսին կ՛իմանանք այդ անակնկալներուն եւ «շինիչ անորոշութեան» մասին», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ «ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուելիք թեկնածուները ընտրական դաշինքներուն հետ չեն առնչուած, իսկ քուէարկողներուն կրնամ հաստատել, որ անոնք պիտի ըլլան ժողովուրդը ներկայացնող թեկնածուներ»:
«Մեր նպատակն էր յանգիլ ընտրական այնպիսի օրէնքի մը, որ համայնքներուն եւ յարանուանութիւններուն միջեւ խտրութիւնը նուազեցնէ, սակայն ըստ երեւոյթին այս ընտրական օրէնքը վերահաստատեց այն իրականութիւնը, որ իւրաքանչիւր համայնք ինք պէտք է ընտրէ իր թեկնածուն: Անշուշտ մեր փափաքն է, որ հայ թեկնածուն ստանայ նաեւ ուրիշներուն ձայնը, ինչպէս որ ուրիշ համայնքներ նոյն փափաքը կը յայտնեն: Կարեւորը այն է, որ քաղաքացիները զգան, թէ այդ թեկնածուն զիրենք կը ներկայացնէ», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ծանօթ է իր հաւատարմութեամբ: «Հաւանաբար Լիբանանի մէջ ասիկա քիչ մը դժուար է գործադրել, սակայն մենք մեր դաշնակիցներուն հաւատարիմ ենք եւ չենք լքեր զանոնք: Անշուշտ ոչ ալ կը փափաքինք, որ անոնք լքեն մեզի», ըսաւ ան:
Ան նշեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ երեսփոխան Միշել Մըրի հետ ՀՅԴ-ի ընտրական դաշինքները հաստատ են` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ ՀՅԴ-ն 2005-էն ի վեր դաշնակից է, իսկ Միշել Մըրի հետ ՀՅԴ-ի դաշինքը 50 տարուան կեանք ունի:
«Անշուշտ այս դաշինքներուն վրայ պիտի աւելնան այլ դաշնակիցներ` նկատի ունենալով համամասնական ընտրական օրէնքին պարտադրած արձանագրուելիք անցման համեմատութիւնը, որ պէտք է բարձր ըլլայ: Ընտրական դաշինք մը գոյացնելու իմաստով Մուսթաքպալ հոսանքին հետ լուրջ խորհրդակցութիւններ կան: Ճի՛շդ է, որ մենք Մուսթաքպալ հոսանքին հետ 2000-ին ունեցանք տարակարծութիւններ, որոնք շարունակուեցան նաեւ 2005-ին եւ 2009-ին, սակայն հակառակ այդ տարակարծութիւններուն, մենք կրցանք այդ հոսանքին հետ դաշնակցիլ
2004-ին, 2010-ին եւ 2016-ին քաղաքապետական ընտրութիւններուն ընթացքին: Իսկ ՀՅԴ-ի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ տարակարծութիւններու անցնող տարիներուն ընթացքին, մենք ոչ մէկ ցեխարձակում կամ անվայել արտայայտութիւն կատարեցինք: Այսօր Մուսթաքպալ հոսանքին հետ ընտրական դաշինքը կարելի կրնայ դառնալ յատկապէս Զահլէի եւ Պէյրութի մէջ: Երբ Պէյրութ կ՛ըսենք, մենք նկատի ունինք ոչ միայն Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի, այլեւ` Բ. ընտրաշրջանին մէջ քուէարկող լիբանանահայութիւնը», հաստատեց ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն մինչեւ վերջին վայրկեանը պիտի պայքարի` կազմելու համար ընտրացանկ մը, որուն մաս կը կազմեն քաղաքական մեծ թիւով կողմեր, որոնք Մեթնը կը ներկայացնեն: «Եթէ յաջողեցանք` շատ լաւ, իսկ չյաջողելու պարագային կ՛անցնինք այլ որոշումի գործադրութեան», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ երեսփոխան Միշել Մըր անձամբ պիտի ներկայանայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն` աւելցնելով, որ Փաղանգաւոր եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն հետ ընտրական դաշինքներու մասին խորհրդակցութիւններ չկան:
Անդրադառնալով երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին ՀՅԴ-ի որդեգրելիք կարգախօսին` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ տակաւին այդ կարգախօսը վերջնականացած չէ` աւելցնելով, որ իր կարծիքով լաւագոյն կարգախօսը պիտի ըլլայ հետեւեալը. «Միասնաբար` դէպի աւելի լաւ հայրենիք մը», իր քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, ծառայութիւններուն եւ ամէն իմաստով: «Մենք իսկապէս կարիքը ունինք աւելի լաւ երկրի մը, որովհետեւ ո՛չ հայրենիք կրցած ենք կերտել, ո՛չ քաղաքացիութիւն եւ ո՛չ ալ պետութիւն: Եթէ նոր իշխանութեան օրով եւ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք չկարենանք դէպի պետութիւն անցում մը կատարել, ապա պիտի չկարենանք նոր սերունդը համոզել, որ Լիբանան մնայ», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:
Կարգ մը թեկնածուներու կողմէ աղբի թղթածրարը ՀՅ Դաշնակցութեան դէմ շահագործումի խնդիրի վերածելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ կարգ մը թեկնածուներ, որոնք իրենց կեանքին մէջ առաջին անգամն է, որ Պուրճ Համուտ կ՛այցելեն, չեն գիտեր պուրճհամուտցիին մասին, եւ ոչինչ գիտեն Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրին մասին, եւ կը մոռնան, թէ երկուքուկէս տարի առաջ ո՛ւր էինք, երբ աղբերը ողողած էին փողոցները: «Անոնք չեն խօսիր Քարանթինայի եւ Ժտէյտէի թափօններու թաղման վայրերուն մասին` լուսարձակի տակ առնելով միայն Պուրճ Համուտը, եւ կը մոռնան մեզի առաջարկուած կաշառքները, որոնք բոլորը մերժած ենք, եւ ի վերջոյ համաձայնութիւն գոյացուցած ենք կառավարութեան մէջ` բոլոր նախարարներուն ներկայութեան, ըլլան անոնք այսօր իշխանութեան վրայ թէ իշխանութենէն դուրս: Նախարարաց խորհուրդի այդ նիստին ընթացքին որոշուեցաւ ժամանակաւոր կերպով` քառամեայ թափօններու թաղման վայր մը ստեղծել, եւ մենք համաձայնեցանք այդ առաջարկին` դառնալով աղբի տագնապին լուծման, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի եւ Մեթնի ծովեզերեայ շրջանը աղաւաղող աղբակոյտի վերացման մէկ մասը:
Ճիշդ է, որ թափօններու թաղման վայրերը օրինակելի լուծումները չեն, սակայն ծանօթ է, որ լիբանանեան պետութիւնը միջին լուծումներ կ՛որդեգրէ` լուծելու համար հսկայ տագնապներ: Մենք ներկայիս կ՛աշխատինք այլ ծրագիրներու վրայ, որոնցմով համոզուած է նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը: Մենք պիտի վերադառնանք «Լինոր»-ի ծրագիրին, որուն մշակումին հոլովոյթը ֆինանսաւորելու մէջ իրենց ներդրումը ունին կարգ մը լիբանանահայեր: Մեր նպատակն է թափօններու թաղման ներկայ վայրը վերածել ապահով ծովեզերքի մը` Պուրճ Համուտի բնակչութեան եւ այլոց համար, ինչպէս նաեւ լուծել Մեթն-Քեսրուան ճամբուն վրայ երթեւեկի խճողումը` բարգաւաճեցնելով շրջանը», յայտնեց Յ. Բագրատունի` աւելցնելով, որ ըստ ճարտարապետներու եւ լիբանանեան մեծ ընկերութիւններու, այս ծրագիրին գործադրութիւնը կրնայ երկուքուկէս տարի տեւել:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը նախընտրէ, որ հայ թեկնածուները առաջադրուին հայկական կուսակցութիւններուն եւ հեղինակութիւններուն կողմէ: Ան նշեց, որ Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը յայտարարած է, թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ գոյացուցած է իր ընտրական դաշինքը` աւելցնելով, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութիւնը Մուսթաքպալ հոսանքին հետ ընտրական դաշինք մը գոյացնելու խորհրդակցութիւններու մէջ են:
Քաղաքացիական ընկերութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ ինք եւս ինքզինք քաղաքացիական ընկերութիւն կը նկատէ, եւ կը մերժէ այդ ընկերութեան կողմէ իշխանութեան մաս կազմող բոլոր պատասխանատուներուն փտածութեան վերաբերող ընդհանրացումները:
Ակնարկելով խորհրդարանին մէջ կիներու ներկայացուցչութեան համար մղուած արշաւին` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ արշաւը կիներուն համար վարկաբեկիչ է: «1918-ին Հայաստանի անկախութեան հռչակումին ընթացքին, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը խորհրդարանին մէջ առաջադրած է կիներու թեկնածութիւնը: Հայաստանի մէջ կիները քուէարկելու իրաւունք ստացած են 1918-ին, իսկ Լիբանանի մէջ քուէարկելու իրաւունքը կիներուն շնորհուած է 1954-ին: ՀՅ Դաշնակցութիւնը այն հազուագիւտ քաղաքական ուժերէն էր, որ 1998-ին Լիբանանի մէջ առաջադրեց դոկտ. Մարալ Կիտանեանի թեկնածութիւնը` Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնին համար, զոր ցայսօր կը վարէ: 1990-ին քաղաքապետական ընտրութիւններուն առաջադրած ենք կիներու թեկնածութիւնը: Իսկ այսօր կուսակցութեան մէջ կան կիներ, որոնք այրերէն ալ լաւ են, սակայն երեսփոխանական ընտրութիւններուն պարագային հարիւրաւոր հաշիւներ կան: Նպատակը պարզապէս կինը խորհրդարան հասցնելը չէ, իսկ եթէ այսօր մեր բոլոր թեկնածուները այրեր են, ապա հետագային կրնան բոլորը կիներ ըլլալ: Պայման չէ, որ այդ թղթածրարը մեծ հարցի մը վերածուի, եւ ընտրութիւնները վերածուին կիներուն ու տղամարդոց միջեւ մրցակցութեան», հաստատեց Յ. Բագրատունի:
Պատասխանելով այն դիտարկումին, թէ քաղաքական կարգ մը ուժեր կը ջանան խորհրդարանը կազմել այնպէս մը, որ կարենան հանրապետութեան յաջորդ նախագահի ընտրութիւնը ապահովել, երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ, թէ նոր կազմուելիք խորհրդարանը հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հետ կապ չունի, որովհետեւ անոր նստաշրջանը նախագահական նստաշրջանէն առաջ կ՛աւարտի:
«Աստուած երկար կեանք տայ նախագահ Աունին, եւ ոչ ոք թող իր գրաւը դնէ անոր առողջութեան վրայ: Նախորդ երկու օրերուն նախագահ Աունին ընկերակցեցայ դէպի Իրաք եւ Հայաստան շրջապտոյտին, եւ ան ինձմէ ու բոլորէն շատ աւելի աշխուժ է: Թող նախագահական ընտրութեան թեկնածուները սպասեն եւ չորսուկէս տարի ետք հոկտեմբերին իրենց թեկնածութիւնը առաջադրեն, որպէսզի մասնակցին նախագահական ընտրութիւններուն: Տակաւին շատ կանուխ է այդ մասին խօսելու եւ անիկա բնաւ չ՛օժանդակեր երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումին», շեշտեց ան:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Հայաստան կատարած այցելութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ անիկա զգացական այցելութիւն մըն է, յատկապէս նախագահ Աունի համար, եւ ապա քաղաքական այցելութիւն:
«Նախագահ Աունի Հայաստան այցելութիւնը Լիբանանի նախագահներու կողմէ դէպի Հայաստան կատարուած ամէնէն յաջող այցելութիւններէն է: Նախագահ Աունի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի միջեւ խօսակցութիւնը այնպէս մըն էր, որ անոնք յիսնամեայ բարեկամներ են. անոնք բազմիցս շեշտեցին, որ թէեւ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները 25-ամեայ են, սակայն երկու ժողովուրդներուն միջեւ հարիւրաւոր տարուան պատմութիւն կայ: Զոյգ նախագահները հարիւր առ հարիւր համաձայն էին, որ երկու երկիրները միջազգային ատեաններուն մէջ եւ միջազգային ու համաշխարհային խորհրդաժողովներու ընթացքին իրարու պիտի զօրակցին: Իսլամական կամ այլ խորհրդաժողովներու ընթացքին Լիբանան միշտ զօրակցած է Հայաստանին` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առումով: Իր կարգին, նախագահ Սերժ Սարգսեան հաստատեց, որ Հայաստան կը զօրակցի Լիբանանին` անոր նաւթի հարստութիւնը պահպանելու իրաւունքին առումով, եւ կը դատապարտէ Իսրայէլի սպառնալիքները: Նախագահներ Աուն եւ Սարգսեան համաձայն էին նաեւ, որ այդ տագնապները պէտք է խաղաղ լուծում ստանան` բանակցութիւններու միջոցով` առանց ուժի կիրարկումի», շեշտեց երեսփոխան Բագրատունի, որ ներկայ գտնուած էր նախագահներ Աունի եւ Սարգսեանի դռնփակ հանդիպումին:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի օրերէն Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած են շուրջ 25 համաձայնագիրներ, որոնց գործադրութեան մասին ճիչ մը արձակուեցաւ այս այցելութեան ընթացքին:
Ան ընդգծեց, որ անոնց մէջ կան նաեւ զինուորական համաձայնագիրներ` աւելցնելով, որ զինուորական իմաստով կայ նաեւ այլ ծրագիր մը, որ մշակուած է եւ կրնայ ստորագրուիլ կա՛մ Լիբանանի պաշտպանութեան նախարարին Հայաստան կատարելիք այցելութեան ընթացքին, կա՛մ ալ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին Լիբանան այցելութեան ընթացքին:
«Միւս կողմէ, Հայաստանի վարչապետը 12-13 մարտին պիտի այցելէ Լիբանան` ընկերակցութեամբ տնտեսական ընդարձակ պատուիրակութեան մը: Լիբանանի մէջ տեղի պիտի ունենայ տնտեսական ֆորում մը, որուն պիտի մասնակցին լիբանանցի եւ հայ գործարարներ: Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ կան արդիւնաբերութեան հսկայ համեմատութիւններ, որոնցմէ կրնան օգտուիլ երկու երկիրները: Տակաւի՛ն, պէտք չէ անտեսել զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ երկու երկիրներուն գործակցութեան լայն կարելիութիւնները: Պէտք չէ մոռնալ, որ Հայաստան զբօսաշրջական լայն կարելիութիւններ ունեցող երկիր է եւ նկատի ունենալով, որ Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարարը հայ է, ապա այդ իրականութիւնը աւելի կ՛օժանդակէ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան զարգացման: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ կրթական մարզին մէջ գործակցելու կարելիութիւնները», հաստատեց Յ. Բագրատունի:
Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի Լիբանան այցելութեան եւ 9-րդ նաւթահորին մասին Լիբանանի իշխանութեան պետերուն ներկայացուցած առաջարկին` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Սաթըրֆիլտ Իսրայէլի անունով եկած է բանակցելու լիբանանեան պետութեան հետ` աւելցնելով, որ ան Իսրայէլի պայմանները կ՛ուզէ փոխանցել լիբանանցի պատասխանատուներուն: «Ան արդար միջնորդ մը չէ, այլ` յօգուտ իսրայէլեան շահերուն կողմնակալ անձնաւորութիւն մը: Իսկ Լիբանան մերժեց Սաթըրֆիլտի առաջարկը հանրապետութեան եւ խորհրդարանի նախագահներուն եւ վարչապետին մակարդակով», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Ան նշեց, որ բնական կազի ու նաւթի պեղումները կատարելու եւ ապա զանոնք արտահանելու իմաստով Լիբանան ուշացած է` աւելցնելով, որ այդ հարցով ապահովական վտանգ կայ:



