Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք նախագահական պալատին մէջ ընդունեց սէուտցի պատուիրակ Նիզար Օլուլան` ընկերակցութեամբ նախարար Ուալիտ Պուխարիի եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Եաագուպի:
Օլուլա աւարտելէ ետք նախագահ Աունի հետ իր հանդիպումը Պաապտայէն մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:
Աւելի ուշ, նախագահական պալատը հաղորդեց, որ սէուտցի պատուիրակը նախագահ Աունին փոխանցած է Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորէն բերանացի նամակ մը, որուն ընդմէջէն ան Ռիատի զօրակցութիւնը յայտնած է Լիբանանին, անոր կայունութեան, գերիշխանութեան եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու պահպանումին նկատմամբ:
Օլուլա հաստատած է, որ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը կը մաղթէ, որ լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւնները ըլլան ամէնէն ամուր եւ հեզասահ յարաբերութիւնները:
Նախագահ Աուն իր կարգին իր ողջոյնները յղած է Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին` հաստատելով, որ Լիբանան եւս կը փափաքի Սէուտական Արաբիոյ հետ ամրապնդուած յարաբերութիւններ ունենալ:
Նախագահ Աուն բարձր գնահատած է Ռիատի կողմէ Լիբանանին ցուցաբերուած զօրակցութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Օլուլայի ունենալիք հանդիպումներուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Երեկոյեան Օլուլա այցելեց նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանը, որմէ ետք հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, եւ անոր յանձնեց Ռիատ այցելութեան պաշտօնական հրաւէր մը, որուն Հարիրի խոստացաւ ամէնէն մօտիկ ապագային ընդառաջել:
Կը նախատեսուի, որ Օլուլա այցելէ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ այլ պետական ու քաղաքական անձնաւորութիւններու:



