
Շաբաթ յետմիջօրէին Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Հնդկաստան մեկնեցաւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ այսօր` երկուշաբթի, 26 փետրուարին, Լիբանանի ժամանակացոյցով ժամը 15:30-ին, պիտի մրցի դաշտին տիրոջ` Հնդկաստանի ազգային խումբին դէմ, աշխարհի բաժակի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որուն աւարտական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 2019-ին` Չինաստանի մէջ:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ղազի Պուսթանի, իսկ մարզիկներն են` Ժան Ապտելնուր (խմբապետ), Ալի Քանաան, Էլի Ռըսթոմ, Էլի Սթեֆան, Ուաէլ Արաքժի, Ամիր Սէուտ, Շարլ Թապեթ, Պասել Պաուժի, Էլի Շամուն, Ժերար Հատիտեան, Ժատ Խալիլ եւ Աթեր Մաճոք:
Օդակայանին մէջ լիբանանեան պատուիրակութեան յաջողութիւն մաղթեցին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք եւ Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբերու յանձնախումբի նախագահ Աքրամ Հալապի:


