Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտարի, վաղը` երեքշաբթի, 27 փետրուարին, «Սամըրլենտ» պանդոկ-համալիրին մէջ (Ժընահ) տեղի կ՛ունենայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Ինթեր ֆութպոլի ակադեմիայի նախագահ Շերիֆ Ուըհպի` ներկայութեամբ Ինթեր Միլանի փոխնախագահ Խաւիէ Զանեթթի, պիտի յայտարարէ իտալական կազմին հետ իր գործակցութեան մասին:
Զանեթթի Լիբանան պիտի հասնի այսօր` երկուշաբթի, 26 փետրուարի յետմիջօրէին ժամը 16:30-ին եւ պիտի դիմաւորուի Պէյրութի միջազգային օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ:
Վաղուան մամլոյ ասուլիսէն ետք ան յատուկ այցելութիւն մը պիտի տայ Պիր Հասանի շրջանը գտնուող Ուահտէ Ռիատիէի դաշտ, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Ինթեր Միլանի համակիրներուն հետ: Իսկ երեկոյեան ժամը 18:00-ին (վաղը), ան պիտի այցելէ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի:



