Ուրբաթ, 23 փետրուար 2018-ին, նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան նախագահող Մատակասքարի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Անրի Ռապարի-Նիաքան:
Ողջունելով հիւրը` հանրապետութեան նախագահը գոհունակութեամբ նշած է Հայաստանի եւ Մատակասքարի միջեւ վերջին շրջանին յարաբերութիւններու որոշակի աշխուժութիւնը յատկապէս Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան Հայաստանի անդամակցութենէն ետք:
Նախագահը յոյս յայտնած է, որ Մատակասքարը` իբրեւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան աշխուժ անդամ, բարձր մակարդակով պիտի մասնակցի 11 եւ 12 հոկտեմբեր 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովին:
Մատակասքարի արտաքին գործոց նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է հանրապետութեան նախագահին ջերմ ընդունելութեան համար եւ վստահեցուցած, որ իր երկրի նախագահի յառաջիկայ պետական այցելութիւնը Հայաստան նոր թափ եւ գործնական բնոյթ պիտի հաղորդէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն, յատկապէս տնտեսական բնագաւառին մէջ, ուր փոխադարձ գործակցութեան զգալի ներուժ կայ զբօսաշրջութեան, բարձր արհեստագիտութիւններու, գիւղատնտեսութեան եւ շարք մը այլ ճիւղերու մէջ:
Մատակասքարի Արտաքին Գործոց Նախարար. «Այլեւս Երբեք»-ը Պէտք Չէ Սոսկ Կարգախօս Ըլլայ»
«Իբրեւ անձինք, որոնք յարգանքով կը վերաբերին մարդկութեան` մենք նաեւ մնայուն յիշողութեան պարտաւորութիւն ունինք անմեղ զոհերու յիշատակին առջեւ: Այն երեխաներուն, պատանիներուն, երիտասարդներուն, կիներուն եւ տղամարդոց նկատմամբ, որոնք ընդամէնը կը խնդրէին թոյլ տալ իրենց ապրիլ: Ամբողջ մարդկութիւնը պէտք է դաս քաղէ այս սոսկալի դէպքերէն, որպէսզի պատմութիւնը այլեւս այս ուղղութեամբ չկրկնուի: «Այլեւս երբեք»-ը պէտք չէ սոսկ կարգախօս ըլլայ, մենք այդպէս պէտք է ապրինք: Մենք կը խոնարհինք ու մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցանենք բոլոր հայ զոհերուն յիշատակին», Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի յուշամատեանին մէջ այս խօսքերը գրած է Մատակասքարի արտաքին գործոց նախարար Անրի Ռապարի-Նիաքան:
Ան իրեն ուղեկցող պատուիրակութեան անդամներուն հետ նախ ծաղիկներ զետեղած է Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին` անմար կրակին մօտ, ապա շրջագայութիւն կատարած է թանգարանին մէջ եւ ծանօթացած Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան:
Լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Մատակասքարի արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ մինչեւ Հայաստան գալը արդէն ծանօթացած էր այս իրադարձութիւններուն եւ ցաւով արձանագրած, որ աշխարհի մէջ այսօր ալ «այսպիսի սոսկալի դէպքեր կը կրկնուին»: Անրի Ռապարին ըսած է. «Մատակասքարի ներկայ ղեկավարութիւնը մեծ յարգանք ունի մարդու իրաւունքներու, մարդասիրութեան նկատմամբ, վստահաբար, մենք, որ կը գտնուինք մեր բարեկամ երկրին մէջ, ատիկա արդէն կը նշանակէ, որ Հայաստանի հետ կը կիսենք նոյն արժէքները»:



