Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահի Թեկնածու Արմէն Սարգսեանի Լիբանան Այցելութիւնը

February 26, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Նախագահի Թեկնածու Արմէն Սարգսեան` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Շաբաթ, 24 փետրուար 2018-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Հայաստանի նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեանը:

Վեհափառ հայրապետը, մօտէն ճանչնալով Արմէն Սարգսեանը, ջերմօրէն ողջունեց անոր թեկնածութիւնը` շեշտելով, թէ Հայաստանի ներքին կեանքին եւ սփիւռքին լայն չափով ծանօթ ըլլալով, ինչպէս նաեւ ակադեմական ու տնտեսական բնագաւառներուն մէջ իր ունեցած հարուստ փորձառութեամբ ու միջազգային շրջանակներուն հետ իր մշակած յարաբերութեամբ, իբրեւ նախագահ կրնայ մեծապէս օգտակար հանդիսանալ Հայաստանի Հանրապետութեան: Արամ Ա. կաթողիկոսը միաժամանակ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Արմէն Սարգսեանի թեկնածութիւնը Հայաստանի եւ սփիւռքի բոլոր շրջանակներուն կողմէ գոհունակութեամբ ընդունուած է: Վեհափառ հայրապետը յոյս յայտնեց, որ Արմէն  Սարգսեան հայ ժողովուրդին ունեցած վստահութիւնը իր նկատմամբ ի սպաս պիտի դնէ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման ու ծաղկման:

Ապա, Արմէն Սարգսեան վեհափառ հայրապետին ներկայութեան հանդիպեցաւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան եւ կաթողիկոսարանին առնչուած մարմիններու ու յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն հետ: Ան պարզեց իր տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները եւ մանաւանդ իր առաջադրանքները` ի խնդիր Հայաստանի զարգացման ու ծաղկման, միաժամանակ շեշտելով վեհափառ հայրապետին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կարեւոր դերակատարութիւնը յատկապէս Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան զարգացման եւ Հայաստանի յառաջդիմութեան նպաստող ծրագիրներուն իրագործման մէջ:

Նոյն երեկոյեան Արմէն Սարգսեան ընթրիքի հիւրը եղաւ վեհափառ հայրապետին:

Հանդիպում Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Եւ Լիբանանահայ Պետական Գործիչներու Հետ

Կիրակի, 25 փետրուարի կէսօրին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեանի եւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, Լիբանանի կառավարութեան եւ խորհրդարանի հայ անդամներուն հետ:

Հանդիպումին բացումը կատարեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ ներկայացուց հանդիպումին նպատակը` խորհրդակցութիւն ունենալ նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեանի հետ:

Արմէն Սարգսեան զեկուցեց գործող նախագահի առաջարկին` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու դառնալու իր ընդառաջման հիմնաւորումներուն, հայրենիքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, զարգացման հաւանական ուղիներուն, արցախեան տագնապի խաղաղ լուծման անհրաժեշտութեան, համազգային երկխօսութեան, կրթութեան մարզին, քաղաքացիական հասարակարգին եւ համահայկական հնչեղութիւն ունեցող տարբեր խնդիրներուն մասին:

Այնուհետեւ Արմէն Սարգսեան լսեց հանդիպման մասնակիցներուն առաջարկները եւ պատասխանեց արծարծուած նիւթերուն շուրջ անոնց յղած հարցումներուն:

Արմէն Սարգսեան Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ դեսպանատան անձնակազմի անդամներուն ընկերակցութեամբ, այցելեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին հետ:

Ողջունելով հիւրը` ամենապատիւ հոգեւոր տէրը մաղթեց, որ Աստուած ուղեկից ըլլայ իրեն իր խիստ պատասխանատու առաքելութեան ճամբուն` վստահեցնելով, որ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին միշտ պատրաստ պիտի ըլլայ իր նպաստը բերելու Հայաստանի բարգաւաճումին ու հզօրացման:

Նախագահական թեկնածու Արմէն Սարգսեան շեշտեց անհանդուրժողութիւնը յաղթահարելու եւ երկխօսութեամբ միասնականութիւնը ամրացնելու, ինչպէս նաեւ հայրենաբնակ թէ աշխարհասփիւռ հայ քաղաքացիներուն` Հայաստանի ապագային նկատմամբ հաւատք եւ յոյս ներշնչելու կարեւորութիւնը: Ան վստահեցուց, որ Հայաստան բոլոր տուեալները ունի 21-րդ դարու հրապուրիչ երկիր մը դառնալու:

Արմէն Սարգսեան Այցելեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Կեդրոնատեղին

Նոյն օրը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ դեսպանատան անձնակազմի անդամներուն ընկերակցութեամբ, այցելեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնատեղին, ուր հանդիպում ունեցաւ միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի եւ հայ աւետարանական համայնքի պատասխանատուներուն հետ:

Հանդիպումին խօսուեցաւ Արմէն Սարգսեանի թեկնածութեան, Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման կարեւորութեան, դիմագրաւելիք դժուարութիւններուն եւ անոնց յաղթահարման մասին:

Նախորդը

Ակնարկ. Աշխարհաքաղաքական Օրակարգերու Բաղադրիչներ`Սարգսեան-Աուն Հանդիպման Առանցքին

Յաջորդը

Հայաստանի Ու Մատակասքարի Միջեւ Փոխադարձ Գործակցութեան Ներուժ Կայ Զբօսաշրջութեան, Տեղեկատուական Արհեստագիտութեան Եւ Գիւղատնտեսութեան Մարզերուն Մէջ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.