ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Լաւապէս պիտի ունկնդրէք մէկը, որ պիտի խոստովանի ձեզի խնդիր մը կամ պիտի յայտնէ կարեւոր տեղեկութիւններ: Իրավիճակը պիտի բարելաւուի յառաջիկայ օրերուն:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ձեր ձիրքերը, կարողութիւնները եւ արժէքը մէջտեղ պիտի ելլեն: Ինքնավստահ պիտի դառնաք: Ձեզի պիտի վստահուի մեծ տարողութեամբ աշխատանք մը, որ յաջողութեամբ պիտի կատարէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Օգնութիւն պիտի ստանաք ձեր բարեկամներէն: Ճնշումը պիտի նուազի, եւ դուք պիտի զօրանաք ու յաջողիք հաւասարակշռութիւն պահել ձեր գործին ու ընտանիքին միջեւ: Զգուշ եղէք վիճաբանութիւններէն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ոչ ճշգրիտ տեղեկութիւններ պիտի ստանաք: Այս օրերուն պիտի նախընտրէք մինակ մնալ, հեռու` ընկերային շրջանակէ, բայց ստիպուած` հանդիսութեան մը պիտի մասնակցիք ու տխուր նստիք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ձեր գործերը պիտի բազմապատկուին: Հանդիպում մը պիտի ունենաք, որուն ընթացքին պիտի լսէք ձեզ ուրախացնող փաղաքշական խօսքեր:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Անակնկալ դէպք մը պիտի պատահի ձեր կեանքին մէջ եւ պիտի ցնցէ ձեզ: Ստիպուած` փոփոխութեան պիտի ենթարկէք ձեր կեանքը, մանաւանդ` գործի ասպարէզը:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր յարաբերութիւններուն վրայ սեւ ամպեր պիտի դիզուին, եւ դուք սխալի մէջ պիտի իյնաք: Ձեր շրջապատին կարծիքը առէք. մինակ որոշում մի՛ տաք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Այս օրերուն ժամանակ պէտք է անցընէք ձեր ընտանիքի անդամներուն հետ: Թոյլ մի՛ տաք, որ անոնք զգան, թէ դուք զբաղած էք: Ինքնավստահութեամբ ձեր կարծիքները արտայայտեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ձեր ընտանիքի փոքր անդամներէն մէկուն պիտի օգնէք: Ձեր բարեկամները պիտի ներգրաւէք խնդիրի մը մէջ եւ ձեր հակառակորդին դէմ դնելու համար հաւաքական որոշում մը պիտի տաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Հաճելի ու խաղաղ օր մը պիտի անցընէք ձեր շուրջիններուն հետ: Պիտի տագնապիք եւ վախնաք անձի մը կամ ձեր պարտականութիւններուն համար:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Շատ լաւ կը հասկնաք ձեր շուրջինները, մանաւանդ` ձեր սիրածը կամ կողակիցը: Քաջալերող ու հանգստացնող բառեր գործածեցէք կացութիւնը հանդարտեցնելու նպատակով:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Այս օրերուն ձեր յուսահատ վիճակէն դուրս պիտի գաք եւ աւելի կայուն վիճակ մը պիտի ապրիք: Նոր յոյս մը պիտի ծագի: Գաղտնիք մը պիտի բացայայտէք, որուն համար շատ պիտի ուրախանաք:
