Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը իր մրցումը կը կատարէ վաղը` կիրակի, 25 փետրուարին, երբ կը մրցի Նըմուր Ալէյի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունեայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին:
Իր արձանագրած վերջին տպաւորիչ ելոյթներէն ետք, ՀՄԸՄ-ի կազմը բարձրացաւ երրորդ դիրք եւ նոյնիսկ յոյս ալ ունի երկրորդ դիրքը խլելու «Էյ. Եու. Էս. Թի.»-էն: Վերջինս, որ մրցում մը աւելի կատարած է, այժմ կէտով մը կը գերազանցէ ՀՄԸՄ-ը:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:
Ինչ կը վերաբերի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան, ՀՄԸՄ Պէյրութի մրցակիցը պիտի ըլլայ Թըպնին:
Այս մրցումը եւս պիտի կատարուի վաղը` կիրակի, 25 փետրուարի երեկոյեան ժամը 17:00-ին: Անիկա տեղի պիտի ունենայ Ռիսելէ Սարաֆանտ դաշտին վրայ (հարաւ):
Դասաւորման մէջ ՀՄԸՄ Պէյրութ այժմ կը գրաւէ երկրորդ դիրքը` երկու կէտով միայն ետ մնալով առաջին դիրքին վրայ գտնուող Անտաքեթէն:


