Իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ շաբաթ, 24 փետրուարին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, «Հիլթըն-Մեթրոփոլիթըն» պանդոկին մէջ (Հըրշ Թապեթ) պիտի գումարէ իր տարեկան համագումարը:
Այս առիթով խօսք պիտի արտասանէ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ:
Ֆետերասիոնին անդամագրուած բոլոր ակումբները հրաւիրուեցան համագումարին ներկայ գտնուելու:
Նշենք, որ այս համագումարին պիտի վաւերացուին վարչական եւ ելեւմտական տեղեկագիրները:



