Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Մէջ. «Հայաստան Այցելութիւնը Պիտի Ամրապնդէ Երկու Երկիրներուն Եւ Երկու Ժողովուրդներուն Միջեւ Յարաբերութիւնները» Շեշտեց Նախագահ Աուն

February 22, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Հայաստան, ուր ան այսօր հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, խորհրդարանի նախագահ Արա Բաբլոյեանի եւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ:

Առաջին անգամ Հայաստան այցելող նախագահ Աուն Զուարթնոց օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանի, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արմէն Պապիկեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի գրասենեակի փոխնախագահ Վարդան Մակարեանի, Երեւանի փոխքաղաքապետ Կամօ Արէեանի, արտաքին գործոց նախարարութեան միջինարեւելեան բաժինի պատասխանատու Սարմէն Պաղտասարեանի, Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղերի եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի կողմէ:

Նախագահ Աուն դիմաւորուեցաւ նաեւ աւանդական աղ ու հացով, որմէ ետք պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ Ս. Էջիմածին:

Նախագահ Աունի ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կազմեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, նախագահի խորհրդականներ Էլիաս Ապու Սաապ եւ Միրէյ Աուն-Հաշեմ, ինչպէս նաեւ նախագահական պալատի մամլոյ գրասենեակի պատասխանատու Ռաֆիք Շլալա եւ մեծ թիւով լրագրողներ:

Էջմիածինի մէջ նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ:

Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ողջունեց նախագահ Աունը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: «301 թուականին կառուցուած այս եկեղեցւոյ մէջ կ՛ողջունենք ձեզ, կ՛աղօթենք ձեզի համար եւ կ՛օրհնենք Լիբանանը, անոր իշխանութիւններն ու լիբանանցի մեր եղբայր ժողովուրդը: Մենք վստահ ենք, որ այս այցելութիւնը պիտի ըլլայ նոր առիթ մը` ամրապնդելու համար հայկական-լիբանանեան յարաբերութիւնները, որոնք եղբայրութեան, բարեկամութեան ու փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած հեզասահ յարաբերութիւններ են: Այդ յարաբերութիւններուն ընթացքը անշուշտ կը պարտինք լիբանանահայութեան, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կը կամրջէ: Մենք շնորհակալ ենք ու գոհունակութիւն կը յայտնենք լիբանանցի ժողովուրդին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքներէն ճողոպրած հայութեան նկատմամբ ցուցաբերուած հիւրընկալութեան համար: Կ՛աղօթենք, որ Լիբանան բարգաւաճի` պահպանելով իր խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ կը մաղթենք, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդուին եւ արդիւնաւէտ դառնան», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

Նախագահ Աուն իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին` անոր ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան համար: «Երկկողմանի մեր յարաբերութիւններուն մէջ ցանուած հունտերը իրենց պտուղները տուած են: Մենք շատ բան գիտենք Հայաստանի մասին, յատկապէս անոր ընդգրկած քրիստոնէական պատմութեան մասին: Հայաստան առաջին երկիրն է, որ քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ճանչցած է, հակառակ այդ ժամանակաշրջանին ինքզինք պարտադրած հռոմէական հալածանքներուն: Այդ մարտահրաւէրները ցոյց կու տան հայ ժողովուրդին քաջութիւնն ու անոր խոր եւ անխախտ համոզումները: Մենք Լիբանանի մէջ կ՛ապրինք հայկական ինքնութեամբ լիբանանցիներու հետ, որոնց մաս կազմող կարգ մը անձնաւորութիւններ մեզի կ՛ընկերակցին այսօր: Լիբանանահայերը կատարեալ ներդաշնակութեամբ համարկուած են լիբանանեան կեանքին ու կը բաժնեն լիբանանցիներուն ցաւերը եւ ուրախ պահերը: Հայերուն եւ լիբանանցիներուն միջեւ նմանութիւնները մեծ են ու շատ», յայտնեց նախագահ Աուն:

Ան շեշտեց, թէ իբրեւ քրիստոնեաներ կը հաւատան, որ սէրը կը փշրէ բոլոր արգելքները, հաւատքով կը հզօրանայ մեր ուժը, իսկ յուսալով մարդ արարածը լաւատեսութեամբ կ՛ապրի: «Կը մաղթենք, որ ամբողջ աշխարհին մէջ կարենանք խաղաղութիւն հաստատել», ըսաւ նախագահ Աուն:

Հանդիպումին աւարտին նախագահ Աուն եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոս յուշանուէրներ փոխանակեցին:

Նախագահ Աուն իր խօսքը ուղղելով լրագրողներուն յայտնեց, որ Հայաստան կատարած իր այցելութիւնը պիտի ամրապնդէ երկու երկիրներուն եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնները:

Ապա նախագահ Աուն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժանմունքի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեանի եւ պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ Ս. Էջմնածինի մայր տաճար եւ այցելեց անոր թանգարանը, ուր վկայեց Նոյեան տապանի բեկորի մը, ինչպէս նաեւ կրօնական ու պատմական այլ հնութիւններու:

Նախագահ Աուն իր խոր տպաւորութիւնը յայտնեց եկեղեցւոյ եւ թանգարանին մէջ գտնուող մասունքներուն նկատմամբ` հաստատելով, որ անոնք կը դրսեւորեն իրենց հոգեւոր արմատներուն եւ հինէն եկող քրիստոնէական հաւատքին նկատմամբ հայութեան կառչածութիւնը:

Էջմիածինէն ետք նախագահ Աուն այցելեց Ծիծեռնակաբերդ, ուր ան դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանի, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի եւ Ցեղասպանութեան թանգարանի փոխտնօրէն Գէորգ Վարդանեանի կողմէ:

Նախագահ Աուն Ծիծեռնակաբերդի մէջ ծաղկեպսակ մը զետեղեց, ապա մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը: Ապա ան իր անունով մասնակցեցաւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ծառատնկումին եւ ուղղուեցաւ Ցեղասպանութեան թանգարան:

Ցեղասպանութեան թանգարանի յիշատակի մատեանին մէջ նախագահ Աուն կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Այս թանգարանին մէջ վկայեցի սարսափելի նկարներ ու շօշափելի փաստեր, որոնք կը պատմեն հայ ժողովուրդի պատմութեան արիւնալի փուլին մասին, երբ անոնք վայրագ սպանդներու ենթարկուեցան: Սպանդներ, որոնց նմանը դարերու ընթացքին քիչ պատահած է: Այս փաստերը կը մղեն, որ հաստատեմ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան իմաստով արդարութիւնը պէտք է պարտադրուի, որպէսզի յիշողութիւնը բիւրեղանայ եւ անիրաւութեան դէմ իրաւունքի յաղթանակին նկատմամբ վստահութիւնը կարելի ըլլայ վերահաստատել:

Կ՛ողջունեմ փառաւոր հայ ժողովուրդը, որ հակառակ իր դիմագրաւած տագնապներուն, դժուարութիւններուն եւ անիրաւութեան, կրցաւ հիմնել հպարտալի երկիր մը եւ կառչած մնալով հինէն եկող իր քաղաքակրթութեան կ՛ուղղուի կերտելու աւելի փայլուն ապագայ մը»:

Երեկոյեան ժամը 9:00-ին, նախագահ Աուն «Ռատիսըն Պլու» պանդոկին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի մէջ ապրող լիբանանահայերու հետ` կազմակերպութեամբ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղերի:

Ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան «տիեզերական երկիր» է` աւելցնելով, որ զուգադիպութիւն չէ, թէ ուր որ արտերկրի լիբանանցի կայ, անպայման կան նաեւ հայեր: Ան կոչ ուղղեց Հայաստանի մէջ ապրող լիբանանահայերուն պահպանելու իրենց մշակոյթն ու աւանդութիւնները, որովհետեւ Լիբանան հարուստ է մշակութային եւ գիտական իր բազմազանութեամբ:

Նախագահ Աուն նշեց, որ Լիբանան եւ Հայաստան նաեւ ապաստանի երկիրներ են եւ ոչ միայն բռնագաղթի երկիրներ:

«Այս պատճառով ալ լիբանանցի եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութեան զգացումները ամուր են», հաստատեց նախագահ Աուն:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանահայութեան այցելելու Լիբանան եւ մասնակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

Յաճախակի այցելութիւններուն շնորհիւ է, որ մենք կը զգանք, թէ նոյն երկրին մէջ կ՛ապրինք, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ հեռաւորութիւնը երկար չէ: Լիբանանահայութեան հետ յիշողութիւնս կը սկսի աշակերտական տարիքէս եւ ապա լիբանանեան բանակին մէջ զինակից հայ ընկերներէս, իսկ անոր կը յաջորդէ քաղաքական ասպարէզս եւ հայոց հետ քաղաքական նոյն համախմբումին մէջ ըլլալու իրականութիւնը: Ես այսօր ինքզինքս Պէյրութ կը զգամ եւ կամ որեւէ տեղ, ուր լիբանանցիներ կան: Կ՛ուզեմ ձեր նկատմամբ սիրոյ իմ զգացումներս արտայայտել եւ խնդրել ձեզմէ, որ լիբանանեան ձեր ինքնութիւնը չմոռնաք: Պահպանեցէ՛ք ձեր մշակոյթն ու աւանդութիւնները, եւ մենք բնաւ չենք մոռնար Լիբանանի կերտումին մէջ ձեր ունեցած ազդու դերակատարութիւնը», ըսաւ նախագահ Աուն:

Իր կարգին, դեսպան Մայա Տաղեր յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ պատմական եւ բարեկամական յարաբերութիւններ կան` աւելցնելով, որ ինք հպարտ կը զգայ Հայաստանի մէջ իր շօշափած իրականութեամբ` նկատի ունենալով լիբանանահայութեան ունեցած ներդրումը Հայաստանի տարբեր բնագաւառներուն մէջ: Ան շեշտեց, որ ինք յաւելեալ աշխուժ գործակցութիւն պիտի ունենայ լիբանանահայութեան հետ, որպէսզի Հայաստանի մէջ Լիբանան իր բովանդակած պատգամ երկրի կարգավիճակով ներկայանայ:

Իրաքի Մէջ

Նշենք, որ նախագահ Աուն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը Իրաք կատարուած այցելութիւնը աւարտեց հանդիպում մը ունենալով Իրաքի խորհրդարանի նախագահ Սելիմ Ժապուրիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան դառն փորձառութիւններէ անցած է, մինչեւ որ յաջողած է շրջանցել բոլոր դժուարութիւնները եւ համախոհութիւն գոյացնել լիբանանեան գոյացութեան պահպանումին եւ պաշտպանութեան շուրջ, հակառակ քաղաքական տարակարծութիւններուն:

«Կը մաղթենք, որ իրաքցիները եւս շրջանցեն իրենց դժուարութիւնները եւ վերսկսին պետականաշինութեան աշխատանքին», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Ժապուրի յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Իրաքի դիմագրաւած մարտահրաւէրները նոյնանման են, ինչպէս` ահաբեկչական կազմակերպութիւնները եւ անոնց դէմ մղուած պայքարը: Ան ողջունեց երկու երկիրներուն կողմէ համերաշխութիւնը պահպանելու եւ երկու երկիրներուն մէջ բազմազանութիւնը ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ զոյգ երկիրները բաղկացնող բոլոր շերտերուն իրաւունքները պահպանելու ճիգերը` քաղաքացիներուն միջեւ գործադրելով արդարութիւնն ու հաւասարութիւնը:

Ժապուրի ընդգծեց Լիբանանի ունենալիք դերակատարութեան կարեւորութիւնը` Իրաքի վերակառուցման աշխատանքին մէջ եւ շեշտեց երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը` տնտեսական, բարգաւաճումի եւ առեւտուրի բնագաւառներուն վերաբերեալ:

Նախագահ Աուն եւ Ժապուրի քննարկեցին նաեւ տնտեսական եւ զբօսաշրջական բնագաւառներուն պարագային լիբանանեան-իրաքեան գործակցութեան բարելաւման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ միացեալ պայքարի եւ երկու խորհրդարաններուն միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Աուն եւ լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը այցելեցին նաեւ Անյայտ զինուորի յուշարձանը, ուր նախագահ Աուն զետեղեց ծաղկեպսակ մը` ներկայութեամբ Իրաքի ներքին գործոց նախարարի ներկայացուցիչ Մուաֆֆաք Ապտել Հատիի, Պաղտատի նահանգապետ Աթուան Աթուանի եւ Պաղտատի քաղաքապետ Զիքրա Ալլուշի:

Նշենք, որ նախանցեալ օր նախագահ Աուն վարչապետ Ապատիի հետ քննարկեց Իրաքի մէջ տարբեր ծրագիրներու գործադրութեան առիթով լիբանանցի գործատէրերու ներդրած գումարներուն` 980 միլիոն տոլար, ինչպէս նաեւ իրաքեան դրամատուներուն մէջ սառեցուած լիբանանեան գումարներուն` 800 միլիոն տոլար, թղթածրարները:

Այդ նպատակով փտածութեան դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի, արդարութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն դատաւոր Մայսամ Նուէյրի եւ լիբանանցի ու իրաքցի գործատէրերու յանձնախումբի նախագահ Ապտէլ Ուատատ Նսուլի, որոնք կ՛ընկերակցէին նախագահ Աունի, մնացին Պաղտատի մէջ, ուր երէկ կէսօրէ ետք հանդիպումներ ունեցան Իրաքի ելեւմուտքի նախարարի գործակատարին եւ վարչապետի գրասենեակի տնօրէնին հետ:

Նախագահ Աուն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցան նաեւ Իրաքի փոխնախագահ Իյատ Ալլաուիի հետ:

Յատուկ «Ազդակ»-ի համար
Երեւան

Լուսանկարները՝ ՐԱՖՖԻ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆի

Նախորդը

Լիբանան Վճռակամ Ու Նախանձախնդիր` Ներքին Թէ Արտաքին Մարտահրաւէրները Դիմակալելու Յարմարագոյն Արդիւնաւէտութեամբ

Յաջորդը

«Այո՛, Կ՛ուզենք Կայսրութիւն Ստեղծել» Կ՛ըսէ Իրանցի Պաշտօնատար Մը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.