Սպանական «Մարքա» օրաթերթը անդրադարձած է փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի նախորդ շաբաթավերջին Ռէալ Պեթիսի դէմ նշանակած կոլին:
Օրաթերթը կը նշէ, թէ 33 տարեկան Ռոնալտօ, որ 2009-էն ի վեր մաս կը կազմէ Ռէալ Մատրիտին անոր հետ ցարդ կատարած է 423 մրցում եւ նշանակած 431 կոլ: Իսկ ակումբի նախկին ֆութպոլիստ, սպանացի Ռաուլ Կոնզալես, որ Ռէալի հետ հանդէս եկած է 1994-2010 ժամանակամիջոցին, 738 մրցումի ընթացքին նշանակած է 322 կոլ:
Արքայական ակումբին հետ Ռոնալտօ յաջողեցաւ հաւասարիլ Ռաուլի հաստատած մրցանիշին, որովհետեւ 264 մրցումներէն իւրաքանչիւրին ընթացքին ան անպայման նշանակած է կոլ մը:
Այլ գետնի վրայ, Ռոնալտօ ակումբին պատասխանատուներուն խորհուրդ տուաւ ամէն գնով ձեռք ձգել Թոթենհամի անգլիացի յառաջապահ Հերի Քէյնին` նկատի ունենալով, որ ֆրանսացի Քարիմ Պենզեմա այս ամրան ընթացքին պիտի հեռանայ Ռէալէն:
Վերջերս լուրեր շրջան կ՛ընէին, թէ Ռէալ Մատրիտ Քէյնի փոխանցման համար պատրաստ է վճարելու 200 միլիոն եւրօ:



