Իտալական «Քորիերէ տելլա սերա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ա. Սէ. Միլանի սեփականատէրը` Եոնկհոնկ Լի, սնանկացած հռչակուեցաւ:
Նշուեցաւ, որ չին գործարարին բոլոր ունեցուածքները պիտի հանուին աճուրդի:
Թէեւ այս գծով ցարդ պաշտօնական ոչինչ կայ, սակայն անուանի եւ հեղինակաւոր շարք մը պարբերաթերթերու եւ օրաթերթերու գլխաւոր նիւթն էր անոր սնանկացումը:



