Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապահովութեան Խորհուրդին Առջեւ Արտասանած Իր Խօսքին Մէջ. Ապպաս. «Մեզի Օգնեցէք, Որպէսզի Չստիպուինք Որդեգրել Որոշումներ, Որոնցմէ Ո՛չ Մենք, Ո՛չ Աշխարհը Գոհ Կը Մնայ»

February 21, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս երէկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին խօսք մը արտասանելով յայտնեց, որ ինք դէպի խաղաղութիւն առաջնորդող միակ ուղին եղող բանակցութիւններու հրաւէր երբեք չէ մերժած` նշելով, որ Իսրայէլ կը վարուի միջազգային օրէնքէն վեր եղող պետութեան մը պէս եւ բռնագրաւումը վերածած է մնայուն բնակեցման գաղութատիրութեան:

«Կ՛ուզենք, որ մեր ժողովուրդը ապրի ազատ, պատերազմներէ, ահաբեկչութենէ եւ ծայրայեղականութենէ հեռու», ըսաւ ան` աւելցնելով.«Մեր հարցը հրէական կրօնի հետեւորդներուն հետ չէ, այլ մեր հողը բռնագրաւողին ու ազատութիւնը կապտողին»:

Ապպաս Ուաշինկթընը քննադատելով յայտնեց, որ վերջինս Երուսաղէմի վերաբերեալ իր որոշումով դրժած է իր խոստումները եւ խախտած միջազգային օրէնքը:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահը կոչ ուղղեց Երուսաղէմի հարցը լուծելու համար միջազգային խորհրդաժողովէ մը բխող բազմակողմանի միջազգային մեքանիզմ մը կազմելու: «Պիտի շարունակենք խաղաղութեան հաստատման ու երկու պետութիւններու հիմամբ բռնագրաւումին վերջ տալու համար մեր ձեռքը երկարել», աւելցուց ան:

Ապպաս խոստացաւ ՄԱԿ-ի լիիրաւ անդամակցութեան համար ջանքերը աշխուժացնելու` նշելով, որ պաղեստինցի ժողովուրդին համար միջազգային պաշտպանութիւն պիտի պահանջէ: Ինչ կը վերաբերի պաղեստինցի գաղթականներու օժանդակութեան հարցին, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահը զգուշացուց. «Պաղեստինցի գաղթականներու օժանդակութիւններու դադրեցման պարագային, անոնք պիտի վերածուին ահաբեկիչներու կամ Եւրոպայի մէջ գաղթականներու»:

«Պատրաստ ենք Իսրայէլի հետ փոխադարձ համաձայնութեամբ հողային փոքր փոխանակում կատարելու», ըսաւ ան:

Ապպաս իր խօսքը եզրափակեց դիմելով  ներկաներուն. «Օգնեցէք մեզի, որպէսզի չստիպուինք որդեգրել որոշումներ, որոնցմէ ո՛չ մենք, ո՛չ ալ աշխարհը գոհ կը մնայ»:

ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Նիքի Հէյլի իր խօսքը նախագահ Ապպասին ուղղելով ըսաւ. «(Ամերիկեան) դեսպանատունը փոխադրելու որոշումը, զայն հաւնիք կամ ոչ, պիտի չփոխուի»:

 

Նախորդը

Թեհրանի Մէջ Սուֆիզմի Հետեւորդներու Ցոյցի Ժամանակ Վրայերթի Պատճառով 3 Ոստիկան Զոհուած Է

Յաջորդը

Հակառակ Թրքական Ռմբակոծումին Եւ Հակադարձելով Անոր Սուրիոյ Կառավարամէտ Աշխարհազօրէն Ուժեր Մուտք Գործեցին Աֆրին

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.