ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին պատմեց, թէ ի՞նչ պայմաններու մէջ եւ ի՞նչ նպատակներով ծնունդ առաւ արցախեան շարժումը:
«Պէտք է ըսեմ, որ արցախեան շարժումը ինքնաբուխ չծնաւ. անիկա ունի նախապատմութիւն` սկսած 1920-ական թուականներէն, անիկա նոր ալիք ստացաւ 1960-ական թուականներուն, եւ 80-ական թուականներուն 60-70 տարիներու ընթացքին չմարած այդ կրակն էր, որ նորէն բորբոքեցաւ», ըսաւ Իշխանեան:
Ան նշեց, որ արցախեան շարժումը մեր ազգային ազատագրական պայքարի մէկ բաղկացուցիչն էր, անիկա դարերու պայքար էր, որ պարզապէս ծաւալեցաւ մեր հայրենիքի այս հատուածին մէջ:
«Անիկա ուղղուած էր խորհրդային Ազրպէյճանին, խորհրդային տարիներուն Ազրպէյճանի կողմէ ցուցաբերուած բռնութիւններուն, զտումներու եւ նաեւ հայկական խաւը աստիճանաբար Արցախէն դուրս բերելու քաղաքականութեան դէմ: Պէտք է նկատի առնել նաեւ, որ այդ շարժումը ծնունդ առաւ խորհրդային պետութեան մէջ ձեւաւորուած նոր քաղաքական շարժառիթներով. գորբաչովեան ժամանակներու «ժողովրդավարութեան», «հրապարակայնութեան» եւ «վերակառուցման քաղաքականութեան» շնորհիւ այդ չմարած կրակը նորէն բորբոքեցաւ: Այդպիսի պայմաններու մէջ Արցախի ժողովուրդը, «միամտօրէն» հաւատալով խորհրդային պետութեան ամբողջական էութեան եւ խորհրդային համակարգին, փորձեց քաղաքակիրթ մեթոտով եւ սահմանադրական իրաւունքէն օգտուելով, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը դուրս բերել խորհրդային Ազրպէյճանէն եւ միաւորել խորհրդային Հայաստանին», յիշեցուց ան:
Իշխանեանի համաձայն, արցախեան շարժումը իր մէջ կը պարունակէր թէ՛ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, թէ՛ սահմանադրական իրաւունքը եւ թէ՛ հայ ազգային-ազատագրական պայքարը: «Երբ այսօրուան տեսանկիւնէն մենք կ՛անդրադառնանք վերջին 30 տարիներուն ծաւալած իրադարձութիւններուն, բնականաբար, այստեղ առկայ է միջազգային այդ չափանիշը` ինքնորոշման բաղադրիչը: Սահմանադրութեան ընձեռած այս կարելիութիւնը (Արցախի դուրս բերումը խորհրդային Ազրպէյճանէն, «Ա.») իր մէջ նաեւ ինքնորոշման իրաւունքի բաղադրիչ կը պարունակէր, որուն ապաւինելով Արցախի ժողովուրդը եւ իշխանութիւնները փորձեցին այդ իրաւական ձեւակերպումը արձանագրել, որ շարունակութիւնն էր այդ ինքնորոշման իրաւունքին», բացատրեց ան:
Իշխանեանը շեշտեց, որ 1988-ի շարժումին նպատակը եղած է Հայաստանին վերամիաւորուիլը: «Աշխարհի մէջ չկան երկիրներ, որոնք կրցած են անմիջապէս ճանաչելի դառնալ պետութիւններու կողմէ: Արցախի Հանրապետութեան պարագային պէտք է արձանագրել կարեւոր փաստ մը` մենք փորձեցինք մայր հայրենիքին վերամիաւորուելու գաղափարը իրականութիւն դարձնել, սակայն ստիպուած էինք ժամանակաւորապէս այդ գերագոյն նպատակին հասնելու համար որդեգրել այլ մարտավարութիւն` Անկախ Արցախի Հանրապետութեան հռչակումը եւ անոր միջազգային ճանաչումին աստիճանաբար հասնիլը: Բայց ի սկզբանէ 1988 թուականին մեր առջեւ գերագոյն նպատակ դրուած էր Հայաստանին վերամիաւորուիլը», ըսաւ Դ. Իշխանեան:
Անոր կարծիքով, այսօր չճանչցուած ըլլալով հանդերձ Արցախի Հանրապետութիւնը կը գտնուի բաւական յարմար եւ շահեկան դիրքերու վրայ: «Ունենալով ներքին կեանք ու ժողովրդավարական սկզբունքներու արմատաւորման, ներքին զարգացման լուրջ հեռանկարներ, տնտեսական բնագաւառին մէջ տարուէ տարի ցուցաբերելով նոր յաջողութիւններ, պետականաշինութեան հոլովոյթին մէջ արդէն իսկ կայացման այդ փուլը անցնելէ ետք, երբ կայ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած իշխանութիւն, Արցախի Հանրապետութիւնը լուրջ յայտ ներկայացուցած է միջազգային հանրութեան ինքնուրոյն եւ անկախ պետութեան կարգավիճակը ամրագրելու տեսանկիւնէն», նկատեց ան:
Իշխանեան ընդգծեց, որ ժողովրդավար Արցախը ոչ մէկ կապ կրնար ունենալ բռնատիրական կարգեր ունեցող Ազրպէյճանին հետ: «Ո՛չ միայն մեզի` հայերուս, այլ նաեւ համաշխարհային հանրութեան համար շատ պարզ տեսանելի է, թէ ինչպիսի՞ համակարգ ձեւաւորուած է անկախ Արցախի Հանրապետութեան մէջ` ժողովրդավար պետութիւն, եւ թէ ինչպիսի՞ համակարգ կը տիրէ Ազրպէյճանի մէջ: Այդտեղ կը տիրէ բռնատիրութիւնը, միջնադարեան համակարգը, ուր տակաւին հեռու են լիարժէք ժողովրդավարական պետութիւն ստեղծելու գաղափարէն», եզրափակեց ան:



