ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Իրաք` ընկերակցութեամբ պաշտօնական պատուիրակութեան մը, որուն մաս կազմեցին ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, փտածութեան դէմ պայքարի նախարար Նիքոլա Թուէյնի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Իրաքի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Հըպհապ, նախագահի խորհրդականներ Էլիաս Ապու Սաապ եւ Միրէյ Աուն-Հաշեմ ու մեծ թիւով լրագրողներ:
Պաղտատի մէջ նախագահ Աուն այցելեց Սալամ պալատը, ուր ան ընդունուեցաւ Իրաքի նախագահ Ֆուատ Մաասումի կողմէ:
Լիբանանի եւ Իրաքի զոյգ քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք նախագահներ Աուն եւ Մաասում ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն յաջորդեց ընդարձակ հանդիպում` նախագահ Աունի ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութեան անդամներուն եւ անոնց իրաքցի պաշտօնակիցներուն մասնակցութեամբ:
Հանդիպումին ընթացքին Մաասում դրուատեց Իրաքի նկատմամբ Լիբանանի ցուցաբերած զօրակցութիւնը: Ան անդրադարձաւ նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու երկու երկիրներուն փորձառութեան:
Մաասում խնդրեց, որ լիբանանցի գործատէրեր օժանդակեն Իրաքի վերաշինութեան աշխատանքին` նշելով, որ նախագահ Աուն արաբական երկրի առաջին նախագահն է, որ Իրաք պաշտօնական այցելութիւն կը կատարէ:
Իր կարգին, նախագահ Աուն յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները հինէն կու գան` աւելցնելով, որ Իրաք եւ Լիբանան ունին շարք մը հասարակ յայտարարներ, յատկապէս քաղաքակրթական իմաստով:
Նախագահ Աուն ակնարկեց Լիբանանի մէջ համերաշխութեան եւ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան:
Այս դիտանկիւնէն մեկնելով` նախագահ Աուն կոչ ուղղեց Լիբանանը վերածելու կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան համաշխարհային կեդրոնի:
Նախագահ Աուն շեշտեց Լիբանանի պատրաստակամութիւնը` զօրակցելու Իրաքին: Այս առումով քննարկուեցան երկու երկիրներուն միջեւ դիւրութիւններ ստեղծելու կարելիութիւնները, յատկապէս` ճարտարարուեստի բնագաւառին մէջ գործակցութիւնը ամրապնդելու իմաստով:
Ապա խօսքեր առին նախարարներ Կիտանեան, Մաշնուք եւ Հաժ Հասան, որոնք անդրադարձան լիբանանեան-իրաքեան գործակցութեան ամրապնդումին կարեւորութեան:
Հանդիպումէն ետք նախագահներ Աուն եւ Մաասում միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեցին երկու երկիրներուն կողմէ քաղաքացիներուն դիւրութիւններ շնորհելու կարեւորութիւնը:
Մասսում շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` Իրաք կատարած իր այցելութեան համար, ընդգծելով, որ նախագահ Աուն հեղինակաւոր անձնաւորութիւն է, իսկ երկկողմանի յարաբերութիւնները` Լիբանանի եւ Իրաքի միջեւ, հազարաւոր տարիներէ կու գան:
Մաասում նշեց, որ Իրաքի մէջ վարչակազմի փոփոխութենէն ետք իրենց համար լիբանանեան վարչակարգը եղած է լաւագոյն օրինակը: Ան բարձր գնահատեց լիբանանեան-իրաքեան պատմական յարաբերութիւնները` հաստատելով երկու երկիրներուն միացեալ շահերուն ուղղութեամբ գործելու անհրաժեշտութիւնը:
Իր կարգին, նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Մաասումին` իրեն հանդէպ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար: Ան մաղթեց, որ հազարաւոր տարուան քաղաքակրթութիւն ունեցող Իրաքը դարմանուի վերջին տարիներուն անոր էութիւնը հիւծեցնող վէրքերէն:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Մաասումի հետ հանդիպումը մտերմիկ ըլլալու կողքին եղած է նաեւ շինիչ քննարկումներու առիթ մը` երկկողմանի յարաբերութիւններուն ամրապնդումին առիթով:
Նախագահ Աուն ողջունեց իրաքցի ժողովուրդը, անոր մղած գոյապայքարը եւ ահաբեկչութեան դառն լուծին դէմ պայքարելու կամքը: Ան շնորհաւորեց Իրաքը ահաբեկչութեան դէմ արձանագրած անոր յաղթանակին առիթով: Ան աւելցուց, որ Լիբանան իր կարգին կրցած է տապալել ահաբեկչութիւնը եւ ՏԱՀԵՇ-ը վտարել իր արեւելեան լեռնաշղթայի սահմաններէն, ինչպէս էր պարագան Մուսուլի:
Նախագահ Աուն մաղթեց, որ Իրաք շարունակէ ահաբեկչութեան դէմ յաղթանակները եւ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը ապահովէ: Ան նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին ընդգծուած է ահաբեկչութեան դէմ արաբական-միջազգային միացեալ պայքար մղելու կարեւորութիւնը` նշելով, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը պէտք է ոչնչացնէ նաեւ այդ ահաբեկչութեան տուն տուող պատճառները:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան նեցուկ կը կանգնի Իրաքի միասնականութեան` մերժելով այդ միասնականութեան սպառնացող բոլոր մարտահրաւէրները: «Այս ծիրին մէջ, նախագահ Մաասումին յանձնեցի Լիբանան այցելութեան հրաւէր մը, որուն ընդառաջելու իմաստով ան դրական պատասխան մը տուաւ», ըսաւ նախագահ Աուն:
Ան յայտնեց, որ Մաասումիի հետ քննարկած է նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները` հաստատելով, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ գումարուելիք Արաբական վեհաժողովի նախօրեակին պէտք է միջարաբական հաշտութիւն գոյացնել:
Նախագահ Աուն ակնարկեց նաեւ իսրայէլեան սպառնալիքներուն` շեշտելով, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր իրաւունքներուն` ըլլան անոնք հողային թէ ծովային: Ան դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց Մաասումի` Իրաքին մաղթելով խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում:
Միացեալ մամլոյ ասուլիսէն ետք Սալամ պալատին մէջ սարքուեցաւ ճաշկերոյթ մը` ի պատիւ նախագահ Աունի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան: Ճաշկերոյթին ներկայ գտնուեցան նաեւ իսլամ եւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետեր:
Ճաշկերոյթին ընթացքին նախագահ Մաասում անակնկալ մը մատուցեց նախագահ Աունի` անոր տարեդարձին առիթով: Մաասում նախագահ Աունի համար Իրաքի եւ Լիբանանի դրօշները կրող կարկանդակ մը հատել տուաւ:
Իրաքի կանաչ շրջանին մէջ նախագահ Աունի լուսանկարները կրող որմնազդներ եւ պաստառներ բարձրացան` ողջունելով Լիբանանի նախագահին Իրաք այցելութիւնը:
Ապա նախագահ Աուն այցելեց Սայիտաթ Նաժաթ եկեղեցին, որ 30 նոյեմբեր 2010-ին պայթումի թիրախ դարձած էր` պատարագի մատուցման ընթացքին եւ ուր արձանագրուած էին զոհեր:
Նախագահ Աունին դիմաւորեց ասորի կաթողիկէ համայնքի Պաղտատի առաջնորդ Աֆրամ Եուսեֆ Ապպա եպիսկոպոսը: Ան նախագահ Աունին յայտնեց, թէ ո՛չ միայն լիբանանցիները կը հպարտանան նախագահ Աունի անձնաւորութեամբ, այլ նաեւ Արեւելքի քրիստոնեաները: Ապպա եպիսկոպոսը շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի կողմէ իրաքցի գաղթականներուն նկատմամբ ցուցաբերուած ազնիւ հիւրընկալութեան համար:
Նախագահ Աուն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը շրջեցան եկեղեցւոյ եւ անոր թանգարանին մէջ: Նախագահ Աուն դատապարտեց քաղաքայիները թիրախ դարձնող ահաբեկչութիւնը եւ ըսաւ. «Բազմաթիւ ոճիրներ եւ ահաբեկչական գործողութիւններ վկայած ենք, սակայն բնաւ չէինք վկայած հաւատացեալները աղօթքի պահուն թիրախ դարձուցած ահաբեկչական գործողութեան»:
Նախագահ Աուն երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումին աւարտին Ապատի ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ նախագահ Աունի:
Նշենք, որ ընթրիքէն առաջ նախագահ Աուն եւ Ապատի միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Ապատի կարեւոր նկատեց երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը բարելաւելը` յատկապէս նկատի ունենալով քաղաքական, տնտեսական, ճարտարարուեստի եւ բարգաւաճման բնագաւառները:
Իր կարգին, նախագահ Աուն բարձր գնահատեց իրաքցիներուն զօրակցութիւնը երկրին պետութեան եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն: Ան ողջունեց իրաքցի ժողովուրդը` նշելով, որ Լիբանան պատրաստակամ է օժանդակելու Իրաքի վերաշինութեան եւ բարգաւաճման:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Ապատիին եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց անոր` Իրաքի բարգաւաճման, վերաշինութեան եւ բարեկարգումին կապակցութեամբ:
Նախագահ Աուն այսօր առաւօտեան պիտի այցելէ Անյայտ զինուորի յուշարձանը, ուր ծաղկեպսակ մը պիտի զետեղէ: Ապա ան կարճ այցելութիւններ պիտի տայ Իրաքի խորհրդարանի նախագահ Սելիմ Ժապուրիի եւ հանրապետութեան փոխնախագահ Իյատ Ալլաուիի, ապա պիտի ուղղուի Հայաստան:
Հայաստանի մէջ նախագահ Աուն հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, վարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի հետ:
Նախագահ Աուն եւ անոր ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութիւնը պիտի այցելեն նաեւ Էջմիածին, ուր հանդիպում մը պիտի ունենան Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ: Ան պիտի այցելէ նաեւ Ծիծեռնակաբերդ եւ հանդիպում մը պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ ապրող լիբանանահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Յատուկ «Ազդակ»-ի համար
Պաղտատ:




