
Օսաքայի մէջ (Ճափոն) տեղի ունեցած աշխարհի քարաթէի կրտսերներու ախոյեանութեան, Լիբանան յաջողեցաւ բաւական տպաւորիչ ելոյթներ ունենալով տիրանալ պրոնզ մետալին եւ բնականաբար բարձրանալ փոտիում:
Այս ախոյեանութեան Լիբանանը ներկայացուց Պուտտա ակադեմիան, որ իր կազմին մէջ ունի բաւական լաւ մարզիկներ: