Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած միջերկրականեան երկիրներու ախոյեանութեան մրցումներուն, 14 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն, Մուսթաֆա Հաժ Լիբանանին ապահովեց արծաթ մետալ մը:
Ան իրեն մրցակից ունեցաւ բաւական փորձառու մարզիկներ, որոնք եկած էին Իտալիայէն, Սպանիայէն, Ֆրանսայէն եւ այլ երկիրներէ:
Եգիպտոս մեկնած լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահն էր Ռուպա Հաժ, մինչ մարզիկներուն մարզիչն է Խալիլ Պու Խալիլ:
Գահիրէ մեկնողներուն կարգին եղան նաեւ մարզիկներ Քարլ Պու Խալիլ, Ժանա Ամմար եւ Անթոնի Շուէյրի:



