Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ուաշինկթընին կոչ ուղղեց` ժամանակաւոր շահեր ապահովելու համար Սուրիոյ մէջ կրակի հետ խաղալէ դադրելու` նշելով, որ գոյութիւն ունին «սուրիական գերիշխանութիւնը ոտնակոխելու ամերիկեան փորձեր, մասնաւորաբար Եփրատի արեւելեան ափին վրայ», ուր Ուաշինկթըն «Իրաքէն ու Եփրատի արեւելեան ափէն հիւսիսային Սուրիոյ ուղղութեամբ երկարող ուժ կը ստեղծէ»:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Մոսկուա ունի բազմաթիւ փաստեր, թէ Արեւմուտքն ու Միջազգային դաշինքը Ժապհաթ Նուսրայի դէմ չեն պայքարիր: Ան ըսաւ. «Այսօր ոմանք վատ կերպով կը շահագործեն քրտական գործօնը, եւ կոչ կ՛ուղղենք յարգելու հասարակաց շահերը»:
Ինչ կը վերաբերի պաղեստինեան դատին, Լաւրով ըսաւ, թէ իր երկիրը կ՛օգնէ, որ պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն միջեւ փոխզիջումը չտապալի, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու կեցուածքներէն ետք:
Զարիֆ. «Այլեւս Կարելի Է Խօսիլ ՏԱՀԵՇ-ի Շրջանային Պարտութեան Մասին»
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ իր կարգին յայտնեց, որ Իրանն ու Ռուսիան սերտ կերպով գործակցեցան իրականացնելու համար շրջանին մէջ կայունութեան ու անվտանգութեան ձգտող հասարակաց նպատակները:
Զարիֆ Մոսկուայի մէջ «Վալտայ» երկխօսութեան միջազգային համախմբումի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ արդէն կարելի է խօսիլ ՏԱՀԵՇ-ի շրջանային պարտութեան մասին, մասնաւորաբար Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ իր գրաւած հողերու կորուստէն ետք, սակայն անոր ներկայացուցած վտանգը «կը շարունակէ գոյատեւել»:
Անդրադառնալով սուրիական տագնապին` իրանեան դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումը միակ լուծումն է եւ այսօր ատիկա իրագործելու յարմար առիթ գոյութիւն ունի: Խօսելով սուրիական ուժերուն կողմէ իսրայէլեան «էֆ-16»-ի վար առնուելուն մասին` ան ըսաւ, որ Իսրայէլ Սուրիոյ մէջ դիրքեր ռմբակոծեց, ուստի այդ օդանաւը վար առնելը սուրիական օդային տարածքի ոտնակոխման հակադարձութիւն է:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը ըսաւ, որ Եմէնի մէջ պատերազմը մուտք գործած է 4-րդ տարին եւ բռնարարքը «սկիզբ առաւ այն ցնորքէն, թէ զինուորական լուծումի ճամբով կարելի է յաղթանակ արձանագրել», երբ իրականութեան մէջ ատիկա «կրնայ միայն իրագործուիլ համապարփակ երկխօսութեան ճամբով»:



