Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Այսօր Կը Մեկնի Իրաք, Իսկ Վաղը` Հայաստան

February 20, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդառաջելով պաշտօնական հրաւէրներու` հանրապետութեան նախագահ Միշել Աուն այսօր կը սկսի արտաքին կարճատեւ շրջապտոյտի, նախ դէպի Իրաք, ուրկէ ան վաղը պիտի ուղղուի դէպի Հայաստան` երկօրեայ այցելութեամբ:

Հայաստանի մէջ իր երկօրեայ այցելութեան ընթացքին, նախագահ Աուն հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, վարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ խորհրդարանի նախագահ Արա Բաբլոյեանի  հետ: Ան նաեւ պիտի այցելէ Հայոց ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Հանրապետութեան նախագահը նաեւ պիտի տեսակցի Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ Էջմիածինի մէջ, նաեւ հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ լիբանանեան գաղութի անդամներուն հետ:

Նախքան այդ, Իրաքի մէջ նախագահ Աուն նոյնպէս անջատ խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ իրաքցի իր պաշտօնակիցին` նախագահ Ֆուատ Մաասումիի, վարչապետ Հայտար Ապատիի եւ խորհրդարանի նախագահ Սելիմ Ժապպուրիի հետ: Նախագահ Աուն այս առիթով պիտի այցելէ անծանօթ զինուորի յուշարձանը եւ ասորի կաթողիկէներու առաջնորդարանը:

Այս առիթով նախագահին պիտի ընկերանայ պաշտօնական մեծ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն Ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, փտածութեան դէմ պայքարի պետական հարցերու նախարար Նիքոլա Թուէյնի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Հայաստանի մէջ պատուիրակութեան պիտի միանայ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղեր, իսկ Իրաքի մէջ` դեսպան Ալի Հապհապ:

Նշենք, որ նախագահ Աունի պաշտօնական պատուիրակութեան պիտի ընկերակցի նաեւ «Ազդակ»-ի լիբանանեան լուրերու խմբագիր Արշօ Պալեանը:

 

Նախորդը

Կառավարութեան Արտակարգ Նիստ` Ամավարկի Վաւերացման Ընդառաջ

Յաջորդը

«Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Մասնակցող Հայերու Թեկնածութիւնը Պէտք Է Առաջադրեն Հայկական Հեղինակութիւնները» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.