Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արուեստը Կեանք Է» Խորագրեալ Աշակերտական Ցուցահանդէս

February 20, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ լիբանանահայ գեղանկարիչ եւ քանդակագործ Րաֆֆի Ետալեանի, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի, շաբաթ, 17 փետրուարի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արուեստը կեանք է» խորագիրը կրող աշակերտական գործերու ցուցահանդէս: Սրահին մէջ ներկայացուած էին վարժարանի աշակերտներուն եւ շրջանաւարտներուն, 5-21 տարեկան, արուեստի 90 պաստառները:

Վարժարանի վարչական տնօրէն Արամ Գարատաղլեանը բարի գալուստի իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ վարժարանի յարկին տակ աշակերտները կը ստանան ամբողջական դաստիարակութիւն, որ կը սկսի հայեցի եւ քրիստոնէական կրթութեամբ, նաեւ` բարձրորակ ուսումով եւ կ՛ամբողջանայ մարզամշակութային տարբեր գործունէութիւններով, որոնց մաս կը կազմեն` երգը, պարը, երաժշտութիւնը, գծագրութիւնը, ճատրակը եւ մարզական տարբեր խումբերը: Գարատաղլեանը նկատել տուաւ, որ վարժարանին տնօրէնութիւնը համահաւասար կարեւորութիւն եւ արժէք կու տայ ուսման եւ մարզամշակութային ծրագիրներուն: «Մենք որպէս արժանաւոր ժառանգորդները հայ ազգին` պարտականութիւն եւ պարտք կը զգանք վառ պահելու մեր նախնիներուն կողմէ մեզի յանձնուած մշակոյթի եւ արուեստի ջահը եւ զայն փոխանցելու մեր յաջորդ սերունդներուն», հաստատեց Գարատաղլեանը` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ձեռնարկի յաջողութեան:

Ապա Գարատաղլեանը` ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց օրուան նախագահ Րաֆֆի Ետալեանը: Ան ըսաւ, որ Ետալեանը մասնակցած է տարբեր հաւաքական ցուցահանդէսներու, նաեւ կազմակերպած է իր անհատական ցուցահանդէսները, աւելցնելով, որ Ետալեանի գեղանկարներն ու քանդակները տարածուած են Պէյրութէն մինչեւ Զմմառ, Լիբանանէն մինչեւ Վատիկան եւ Փորթուգալ:

Րաֆֆի Ետալեանը իր ելոյթին մէջ շնորհաւորեց ցուցահանդէսին մասնակից աշակերտները, գնահատեց անոնց ներկայացուցած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ` անոնց ուսուցչուհիին տարած աշխատանքը: Ետալեանը ըսաւ, որ արուեստը շատ անհրաժեշտ է մեր կեանքին մէջ: Արուեստը մտքի թռիչք է, ստեղծագործելու մղող հոգեւոր սնունդ է մեր ներաշխարհին եւ կը սորվեցնէ ինքնաճանաչում: Ետալեանը նկատել տուաւ, որ արուեստագէտի մը առաքելութիւնը արուեստի ընդմէջէն իր մշակոյթը ծանօթացնել է աշխարհին: «Մենք` հայերս, տարածուած ենք աշխարհի բոլոր կողմերը, բայց ունինք մէկ մշակոյթ, մէկ արուեստ, մէկ լեզու, մէկ հաւատք, որոնց շնորհիւ կը պայքարինք մինչեւ այսօր` մնալու իսկական հայ» շեշտեց Ետալեանը եւ եզրափակելով իր խօսքը` շնորհաւորեց վարժարանի տնօրէնութիւնը ցուցահանդէսին առիթով եւ ներկայիս հայ դպրոցի դիմագրաւած տագնապալի օրերուն,  որպէս հայ արուեստագէտ, իր համեստ ներդրումը բերելով Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին նուիրեց իր գեղանկարներէն մէկը, որպէսզի մօտիկ ապագային վաճառուելով` անոր հասոյթը յատկացուի վարժարանի կարիքաւոր աշակերտներուն:

Վարժարանի գեղարուեստի ուսուցչուհի Վարդ Մեսրոպեանը իր կարգին ելոյթ ունենալով` շնորհակալական խօսք ուղղեց ցուցահանդէսի հովանաւորներուն, վարժարանի տնօրէնութեան եւ ծնողներուն` իրենց քաջալերանքին համար:

Այնուհետեւ բոլոր մասնակիցները` թիւով 32, ստացան վկայագիրներ, իսկ մրցանակակիր աշակերտները ստացան նուէրներ:

Ա. խմբակէն առաջին հանդիսացաւ Սիմոն Մանուկեանը, երկրորդ` Ճոյս Մալտոսեանը, երրորդ` Ռիթա Համալեանը, իսկ գլխաւոր մրցանակը ստացաւ Մարգրիտա Մալտոսեանը:

Բ. խմբակէն առաջին հանդիսացաւ Արին Պոյաճեանը, երկրորդ` Արեւ Պոյաճեանը, երրորդ` Կրէյս Մալտոսեանը, գլխաւոր մրցանակ` Նարեկ Ալեմեզեանը:

Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ 2017-ի «Ֆապրիանօ»-ի մրցանքին: Այս առիթով «Ֆապրիանօ»-ի ներկայացուցիչը` Ժան-Քլոտ Նահհաս, որ ներկայ էր ցուցահանդէսին, խօսք առնելով` իր հպարտութիւնը յայտնեց գտնուելու վարժարանին մէջ եւ յայտարարեց, որ «Ֆապրիանօ»-ի մրցումին  Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի արդիւնքը գերազանց էր: Նահհաս բացատրեց, որ աւելի քան 500 վարժարաններէ 107 հազար աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը բերած էին մրցումին: Շահեցան հինգ հազար աշակերտներ, որոնցմէ ինը` Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի աշակերտներէն էին: Ան շնորհաւորեց վարժարանի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը այս առիթով եւ մրցանակներն ու վկայագիրները յանձնեց մրցանակակիրներուն: «Ֆապրիանօ»-ի 2017-ի մրցանակակիրներն են` Արեւ Պոյաճեանը, Յակոբ Ուրֆալեանը, Սէրլի Սարայեանը, Մարիսա Լիպարեանը, Անթոնի Թորոսեանը, Դիա-Մարիա Կարապետեանը, Սելին Գոգեանը, Սթեֆանի Փափազեանը, Մելինա Լիպարը:

Նախորդը

«Երիտասարդութիւնը Ըսելիք Ու Ընելիք Ունի` Մեր Կեանքին Իր Մասնակցութեամբ, Եւ Այդ Մէկը Պէտք Է Կատարէ Պատասխանատուութեամբ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Հանդարտ Զրոյց` Պոլսահայ Վաստակաշատ Գրագէտ Ու Լրագրապետ Ռ. Հատտէճեանի Հետ (Ե.) («Մարմարա»-ի Խմբագրութիւնը Ստանձնելուն 50-ամեակին Առիթով

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.